Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետի Հրաժարականի Պահանջով Հանրահաւաքը Աւարտեցաւ. Վաղը` Լռութեան Օր

Վարչապետի Հրաժարականի Պահանջով Հանրահաւաքը Աւարտեցաւ. Վաղը` Լռութեան Օր

by MassisPost

Երեւանի մէջ շուրջ 4 ժամ տեւած հանրահաւաքը` կազմակերպուած 16 քաղաքական ուժերու կողմէն, Ազատութեան հրապարակին վրայ աւարտեցաւ: Անոնք ինչպէս նախորդ 3 օրերուն, այսօր՝ Նոյեմբեր 13-ին եւս կը շարունակեն պնդել, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ` ըսելով, որ եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրած անձը պէտք չէ պաշտօնավարէ:

Այսօր ելոյթ ունեցան բազմաթիւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, եւ հիմնական ըսելիքը այն էր, որ Հայաստանի վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ: Սակայն անոնք չեն նշեր, թէ վարչապետի հրաժարականի պարագային իրենք ինչ միջոցներով պիտի հասնին օրինակ` այս յայտարարութեան յետկանչման: Կ’ըսեն, որ ցոյցերը պէտք է շարունակուին, կը հրաւիրեն բոլոր քաղաքացիները միանալու իրենց:

Աւելի վաղ անոնք ներկայացուցած էին ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու քայլերը, քայլ առաջին` Նիկոլ Փաշինեան ինքնակամ հրաժարական կու տայ, երկրորդ`կը ձեւաւորուի հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ, երրորդ` Հայաստանը բանակցութիւններու սեղանին կը ներկայանայ նոր ազգային դէմքով, չորրորդ` «քայլ առ քայլ կը կառուցենք հզօր հայրենիք»:

Հանրահաւաքի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ վաղը լռութեան օր է, իսկ յաջորդ օրը կրկին հանրահաւաքի կը հրաւիրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment