Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրեմլինը Անհիմն Կը Համարէ Ռուսաստանին Իր Դաշնակից Հայաստանին Դաւաճանելու Մէջ Մեղադրանքը

Քրեմլինը Անհիմն Կը Համարէ Ռուսաստանին Իր Դաշնակից Հայաստանին Դաւաճանելու Մէջ Մեղադրանքը

by MassisPost

Քրեմլինը կը համարէ, որ Հայաստանին դաւաճանելու մէջ Ռուսաստանի հասցէին հնչող կշտամբանքները բոլորովին անհիմն են։

«Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցան շատ ողբերգական  փոփոխութիւններ։ Հայաստանը ստիպուած է թողնել տարածքներ, որ տասնամեակներ շարունակ իր տարածքները կը համարէր, եւ Հայաստանը այդպէս կը համարէ նաեւ այն պատճառով, որ Ռուսաստանը Հայաստանի դաշնակիցն էր։ Ռուսաստան այս պատերազմին էական աջակցութիւն Հայաստանին չէր ցուցաբերեր եւ հայերու շատերու կարծիքով` դաւաճանած է իր դաշնակից Հայաստանին։ Ի՞նչ կը կարծեն Քրեմլինին մէջ այս կապակցութեամբ»: Նման հարց տուած է “Russia today”-ի մեկնաբանը Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարին։

Տմիթրի Փեսքով պատասխանած է, որ Ռուսաստանը իր դաշնակից Հայաստանին դաւաճանելու մեջ մեղադրելը անհիմն է. «Ռուսաստանի նկատմամբ կշտամբանքները բացարձակապէս անհիմն են։ Ռուսաստանը չի մոռնար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով իր պարտականութիւններու մասին: Եւ որեւէ մէկու կողմէն դաշնակցի տարածքէն ներս, Հայաստանի տարածքին վրայ յարձակման պարագային Ռուսաստանը, բնականաբար, ամէն ինչ կ’ընէ իր դաշնակիցին պաշտպանելու համար: Այդ մասին ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։ Այդ պատճառով ցանկացած կշտամբանք անհիմն է եւ անարդար»։

Փեսքով այս հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ շեշտած է, որ Ռուսաստանը իրաւունք չունէր զօրքեր մտցնելու Լեռնային Ղարաբաղի տարածք. «Մենք իրաւունք ստացած ենք խաղաղապահներ մտցնել միայն այն բանէն յետոյ, երբ անոր համաձայնութիւն տուած են հակամարտող կողմերը։ Միջազգային օրէնքները կ’արգիլէին Մոսկուային պարզապէս զօրքեր մտցնել Լեռնային Ղարաբաղ»։

Փեսքով նաեւ ըսած է, որ Ռուսաստանը հաւատարիմ կը մնայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր համապատասխան բանաձեւերուն։ Ամէն պարագային այս համաձայնագիրէն յետոյ Մոսկուան, Փեսքովի պնդմամբ, ե՛ւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը կը համարէ բարեկամներ։

Ի դէպ, այս հարցազրոյցին, Քրեմլինի խօսնակը ըսած է, որ ռազմական գործողութիւնները սկսած է Պաքուն Անգարայի աջակցութեամբ։ Իսկ Փեսքովի կողմէն յիշատակուող միջազգային բազմաթիւ փաստաթուղթերու մէջ, անոր կարգին նաեւ անոնց մէջ, որու տակ կան Ռուսաստանի երկու նախագահներու ստորագրութիւնները, ներառեալ Փութինի, նշուած է, որ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հիմնական սկզբունքներէն մէկը, եթէ չըսենք հիմնական սկզբունքը, խնդիրը դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորելն էր։

Պաշտօնական Մոսկուան այս քանի մը օրերուն արդէն քանի մը անգամ յայտարարած է, որ եթէ կողմերը ընդունէին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի, առաջին հերթին Ռուսաստանի խնդրի կարգաւորման վերաբերեալ առաջարկած բանաձեւերը, հնարաւոր կ’ըլլար փրկել հազարաւոր կեանքեր։

«Այդ բանաձեւերը գոյութիւն ունեցած են, անոնք յայտնի են միջազգային բանակցային գործընթացի մասնակիցներուն, բայց, ցաւօք, անոնք չեն աշխատած այս կամ այն պատճառով: Եթէ անոնք կատարուէին նոյնիսկ երկու տարի առաջ, ապա հաւանաբար այդ արիւնալի պատերազմը չէր ըլլար, եւ հազարաւոր երիտասարդ հայեր ու ատրպէյճանցիներ չէին զոհուիր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment