Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանցի Խաղաղապահներու Նոր Զօրախումբ Մեկնած Է Լեռնային Ղարաբաղ

Ռուսաստանցի Խաղաղապահներու Նոր Զօրախումբ Մեկնած Է Լեռնային Ղարաբաղ

by MassisPost

Ռուսաստանցի աւելի քան 100 խաղաղապահներ Ил-76 տեսակի 8 ռազմաբեռնատար փոխադրական օդանաւերով Ուլեանովսկէն կը փոխադրուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի: Այդ մասին ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան այսօր՝ Նոյեմբեր 13-ին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Այդ օդանաւերով ծառայութեան գօտի կ’ուղարկուին նաեւ աւելի քան տասը միաւոր  ռազմական մեքենաներ: Օդանաւերը վայրէջք պիտի կատարեն Երեւան, ուրկէ խաղաղապահները կը տեղափոխուին Լեռնային Ղարաբաղ:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ զօրավար-մայոր Իկոր Քոշենքով աւելի վաղ յայտնած է, որ խաղաղապահ առաքելութեան մեկնարկէն ի վեր 56 թռիչքներով Ղարաբաղ արդէն տեղափոխուած է 817 զինծառայող, 119 միաւոր սպառազէն եւ զրահամեքենայ, ինչպէս նաեւ Ми-8 եւ Ми-24 տեսակի 8 մարտական ուղղաթիռ:

Խաղաղապահ զօրակազմի հիմքը Ռուսաստանի Կեդրոնական զինտարածքի 15-րդ առանձին զօրախումբն է, որու ջոկատները ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ընթացքը դիտարկելու նպատակով կը տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջացքի մէջ՝ հայ-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծի երկայնքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment