Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետը Յայտարարած Է, Թէ Իրենց Առաջնահերթութիւնը Երկրի Կայունութեան Վերականգնումն Է

Վարչապետը Յայտարարած Է, Թէ Իրենց Առաջնահերթութիւնը Երկրի Կայունութեան Վերականգնումն Է

by MassisPost

Չնայած երրորդ օրն է ընդդիմադիր դաշտէն հնչող կոչերուն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական չի տար։ Այսօր՝ Նոյեմբեր 12-ին ան ուղերձով դիմեց ժողովուրդին եւ ըսաւ, թէ այս պահուն իրենց առաջնահերթութիւնը երկրի կայունութեան վերականգնումն է եւ կոչ ըրաւ համախմբուելու կառավարութեան շուրջ:

«Կառավարութիւնը տուրք չի տալու նախկին իշխանութիւնների կողմից հովանաւորուող ջարդարարների խմբերի սադրանքներին: Տեղի ունեցած անկարգութիւնների կազմակերպիչներն ու աշխոյժ մասնակիցներից շատերը ձերբակալուած են, շատերը թաքնուում են, բայց անպայման կը յայտնաբերուեն եւ պատասխանատուութեան կ’ենթարկուեն: Կոչ եմ անում չտրուել սադրանքների եւ համախմբուել կառավարութեան շուրջ, որը վճռական է երկիրը այս իրավիճակից դուրս բերելու իր պատասխանատուութիւնը անմնացորդ կրելու գործում՝ միեւնոյն ժամանակ երաշխաւորելով, որ ժողովրդին պատկանող իշխանութիւնը որեւէ մէկը չի խլելու՝ երկիրը թալանի, քորուփցիայի յորձանուտ վերադարձնելու իր նպատակներն իրագործելու համար: Հենց այս թալանի ու քորուփցիայի դառը պտուղներն ենք քաղում այսօր, երբ տասնեակ տարիներ երկրի ունեցուածքն ու եկամուտները հոսել են ձեզ յայտնի անձանց գրպաններ եւ ոչ թէ բանակի զարգացման գործին», – նշեց վարչապետը:

Մօտ 20 րոպէ Փաշինեան փորձեց պատասխանել իր, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի նախագահներու միջեւ 3 օր առաջ ստորագրած յայտարարութեան հրապարակումէն յետոյ հնչող հարցերուն, անոր քանի մը որակումներ տալով՝ տխրահռչակ, վատ ու ոչ շահեկան։ Այսօր ալ կրկնեց, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը կը զեկուցէր, որ րոպէ առաջ պէտք էր կանգնեցնել պատերազմը։ Ստեղծուած էր իրավիճակ մը, ըստ Փաշինեանի, երբ զինուորը չէր կրնար ազդել իրադարձութիւններու ընթացքին վրայ։

«Փաստաթուղթը ստորագրելիս հասկացել եմ, որ անձամբ իմ զոհուելու հաւանականութիւնը չափազանց մեծ է՝ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ֆիզիքական իմաստով։ Բայց 25 հազար զինուորի կեանքը աւելի կարեւոր էր, կարծում եմ՝ նաեւ ձեզ համար», – նշեց վարչապետը:

Ինչո՞ւ հրաժարական չտուաւ այդ փաստաթուղթը չստորագրելու համար, իրեն այս օրերուն ուղղուող մէկ այլ հարցի Փաշինեանի պատասխանը հետեւեալն էր՝ ուրիշի վրայ չէր ուզեր թողնել այդ «դժոխային պարտաւորութիւնը»:

«Դա կը նշանակէր դասալքութիւն, դա կը նշանակէր յանուն զինուորի դժոխային առաքելութիւն կատարելու պարտաւորութիւնը թողնել մէկ ուրիշի ուսերին՝ այն յոյսով, որ յետոյ կ’ասէին, թէ վարչապետ Փաշինեանը էնքան հայրենասէր էր, որ էդ ստորացուցիչ թուղթը չստորագրեց, իսկ էս միւսը թուլամորթ ու դաւաճան գտնուեց եւ գնաց նման ամօթալի քայլի:

«Իսկ ինչո՞ւ թէկուզ այսպիսի պայմաններում զինադադարի հնարաւոր չէր հասնել պատերազմի առաջին օրերին: Սրա համար երկու պատճառ կար. նախ պէտք էր առանց մարտի յանձնէինք եօթ շրջան, ներառեալ Շուշին, եւ երկրորդը, ռազմական իրադրութիւնն այնպիսին էր, որ մենք յոյս ունէինք, որ նոր միջոցների ներգրաւմամբ, գերմարդկային ճիգերով կը կարողանանք բեկել իրավիճակը», – ըսաւ վարչապետը։

Ինչո՞ւ փաստաթուղթը ստորագրելէն առաջ չխորհրդակցեցաւ նախ ժողովուրդին հետ, Փաշինեան պատճառաբանեց, թէ իրավիճակի մանրամասն նկարագրութիւնը վտանգաւոր կ’ըլլար զինուորներուն համար: Բացի անկէ, վարչապետը յայտարարեց, որ նախապէս ինքը այլ խոստում տուած է՝ քննարկելու Ղարաբաղի հարցի լուծման տարբերակները, իսկ այն, ինչի տակ իր ստորագրութիւնը դրած է, հարցի բովանդակային լուծում չի նախատեսեր, «այլ ընդամէնը ռազմական գործողութիւններու դադար»:

Մեղրին չի յանձնուիր, պնդեց Փաշինեան: Իսկ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Հայաստանով նախատեսուող շատերու կարծիքով ինքնիշխանութեան առումով խնդրայարոյց նոր ճանապարհը, վարչապետի գնահատմամբ, տնտեսութեան զարգացման հեռանկարներ կը բանայ:

«Սա նշանակում է, որ պէտք է ապաշրջափակուեն նաեւ Երեւանից Նախիջեւանով Սիւնիք տանող փոխադրական ուղիները, այդ թուում՝ Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ, ինչը էական նշանակութիւն կարող է ունենալ մեր երկրի տնտեսութեան հետագայ զարգացման գործում», – յայտարարեց Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Ղարաբաղի հարցը ինչպէս լուծուած չէր, այնպէս ալ լուծուած չէ, ընելիքները առջեւն են, յայտարարեց Փաշինեան, չմանրամասնելով՝ երբ ու ինչ քայլեր կը պատրաստուի ընել Արցախի կարգավիճակի՝ միջազգային ճանաչման համար։ Եռակողմ յայտարարութեան մէջ կարգավիճակի հարցին որեւէ անդրադարձ չկայ: Այս պահուն խօսք չկայ նաեւ որեւէ նոր բանակցութեան մասին:

«Այս մասով մեր անելիքները չեն փոխուում, եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը դառնում է բացարձակ առաջնահերթութիւն, եւ, ըստ էութեան, Արցախի միջազգային ճանաչման համար հիմա կան աւելի ծանրակշիռ փաստարկներ», – ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը:

Թող նորէն չփորձէ նոյն հեքիաթներով կերակրել ժողովուրդը, վարչապետի ուղերձին այսպէս արձագանգած է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով երկրորդ օրը հաւաքներ կատարող 17 կուսակցութիւններու Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Լիլիթ Գալստեան:

Փաշինեան խօսած էր իշխանութիւն գալու նախկիններու ցանկութիւններու մասին, ըսելով, որ թոյլ պիտի չտան խլելու ժողովուրդին պատկանող իշխանութիւնը, իրավիճակի համար ալ պատասխանատու է:

«Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարում է երկիրն այս իրավիճակից դուրս բերելու մասին, նախ պէտք էր, որպէսզի երկիրը չյայտնուէր այս իրավիճակի մէջ, նախ սկսենք նրանից, թէ ով է մեղաւոր եւ ով է քաղաքական պատասխանատուութիւն կրում երկիրն այս վիճակում յայտնուեցնելու համար: Իսկ այս իրավիճակի անունն է ազգային շահերի դաւաճանութիւն», – ըսաւ Գալստեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment