Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչպէս Բացատրել

Ի՞նչպէս Բացատրել

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրով ազատագրուեցաւ Արցախը, բայց ինք ամբաստանուեցաւ Հայաստանը ցուրտի ու մութի ենթարկելու եւ կողոպուտի մէջ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը բացուեցաւ ժողովուրդին ու բացատրեց թէ ի՞նչ կը սպասուի մեզի եթէ փոխ-զիջման չերթանք յաղթածի դիրքէն, բայց ամբաստանուեցաւ դաւաճանութեամբ:

Ռոպերթ Քոչարեան Հայաստանի քաղաքացի չէր, բայց սահմանադրական խախտումներով «ընտրուեցաւ» Հայաստանի նախագահ:

Վազգէն Սարգսեան գլխաւոր դերակատարն էր Արցախի ազատագրման, բայց սպաննուեցաւ Խորհրդարանին մէջ:

Վազգէն Սարգսեանի (գլխաւոր դերակատարն էր Արցախի ազատագրման) եւ Կարէն Տէմիրճեանի դաշինքը  յաղթանակ տարաւ Մայիս 30, 1999-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ոգեշնչելով ժողովուրդը Հայաստանին սպասուող  փայլուն ապագայով, Հոկտ. 27-ին սպաննուեցան Խորհրդարանին մէջ:

Ռոպերթ Քոչարեան եւ իրեն կողակից ուժեր կազմակերպեցին Հոկտեմբեր 27, 1999-ի սպանդը, գլխատելով մեր պետականութիւնը, բայց ազգային շահ դաւանողները ստրկաբար լռեցին:

Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան տասը տարիներուն կեղծուեցան նախագահականէն մինչեւ տեղական ընտրութիւնները, օտարին յանձնուեցան երկրի համար ռազմավարական արժէք ներկայացնող հաստատութիւններ, թալանուեցան երկրի հարստութիւնները, բայց ժողովրդավարութիւն քարոզողները ստրկաբար լռեցին ի հաշիւ իրենց ինկած շահաբաժնին:

Ռոպերթ Քոչարեան Մարտ 1, 2008-ին ժողովուրդի վրայ կրակելով եւ տաս հոգիներու սպաննութեամբ իշխանութիւնը փոխանցեց Սերժ Սարգսեանին, բայց ժողովուրդի շահը անձնական շահէն վեր քարոզողները ստրկաբար լռեցին:

Սերժ Սարգսեանի օրով դարձեալ կեղծուեցան բոլոր ընտրութիւնները եւ շարունակուեցաւ երկրի թալանը, բայց ժողովրդավարութիւն քարոզողները շարունակեցին ստրկաբար լռել, ի հաշիւ քանի մը խորհրդարանական աթոռներու:

Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն շարունակուեցաւ մեր  պետականութեան հիմքերու խախտումը, բայց հզօր պետականութիւնէ քարոզողները ստրկաբար լռեցին:

Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն, հակառակ մեր թշնամի Ազրպէյճանի բացայայտ սպառազինական արշաւին, իրենց թալանած միլիարդաւոր տոլարներով իրենց գրպանները հարստացուցին, դղեակներ կերտեցին, օտար երկիրներու մէջ ներդրումներ ըրին, բայց հայ զինուորին ցածրորակ ճաշ հրամցուցին, երկրի ռազմարդիւնաբերութեան չնպաստեցին, բանակը արդիական զինամթերքով չզօրացուցին, ու հզօր պետականութիւնէ քարոզողները շարունակեցին ստրկաբար լռել:

Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն, Հայաստանի եւ համայն աշխարհի հայութիւնը, բացի մենաշնորհեալ տարրերէ,  յուսախաբ վիճակի մէջ էր, ի տես անկման անդունդին հասած Հայաստանի կացութեան, ու բացայայտ իրականութիւն է, որ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր շունչ բերաւ անոնց:

Հայաստանը անդունդին եզրին հասցնողները, 2018-էն ի վեր յամար պայքար կը մղեն վերատիրանալու իրենց կորսնցուցած մենաշնորհներուն եւ խոչնդոտելու Հայաստանի զարգացումը:

Ահաւոր հարուածը, որ թշնամին մեր աչքին առջեւ կը պատրաստէր ու հասցուց մեզի, արդիւնք էր Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի  երկու տասնամեակ տարիներու կողոպտիչ ու քանդիչ ազգադաւ վարքին: Դժբախտաբար վերջին երկու տարիներու պատրաստութիւնը բաւարար չեղաւ խուսափելու աղէտէն: Փաստ է, որ սպասուած 3-5 օրերու դիմադրութիւնը տեւեց 44 օրեր: Փաստ է, որ պատերազմի երկրորդ շաբթուան իսկ, դաւաճաններ կ’երթային ճակատ, տարհամոզելու մեր քաջարի զինուորները, որ զէնքը վար դնեն: Փաստ է, որ Երեւանի մէջ բողոքի ելլողներուն մէջ կան դասալիքներ, որոնք թշնամին հարուածելու տեղ կը քանդեն Խորհրդարանի շէնքը:

Պարտութիւնը որ կրեցինք, ահաւոր է: Բայց պէտք է բացայայտել պատասխանատուները: Վերեւ նշուած բոլոր իրողութիւններն ու փաստերը բաւարար պէտք է ըլլան համոզում գոյացնելու, որ վերադարձ դէպի ազգաքանդ նախկին իշխանութիւնները պիտի առաջնորդէ Հայաստանի քանդման եւ համազգային  համատարած բարոյալքման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment