Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած Է «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած Է «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Շարունակելով քաղաքական խորհրդակցութիւնները խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ՝ Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 12-ին հանդիպած է Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» պատգամաւորական խմբակցութեան ներկայացուցիչներու՝ ԱԺ փոխնախագահ Լենա Նազարեանի, «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցի եւ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանդիպման մասնաւորապէս մտքեր փոխանակուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան եւ, այդ համաթեքսթով, երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ:

Զրուցակիցները ընդգծած են կայունութեան պահպանման առանձնակի կարեւորութիւնը ներկայ իրավիճակին մէջ, ինչպէս նաեւ պետական բոլոր ինսթիթութներու համագործակցուած ու անխափան աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment