Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Դատապարտելի կը Համարէ Յարձակումները ԱԺ Նախագահի եւ «Ազատութիւն»ի Գրասենեակին Վրայ

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Դատապարտելի կը Համարէ Յարձակումները ԱԺ Նախագահի եւ «Ազատութիւն»ի Գրասենեակին Վրայ

by MassisPost

Անընդունելի եւ դատապարտելի է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ կիրառուած բռնութիւնը ու այն ալ` երբ երեխան եղած է ինքնաշարժին մէջ, յայտարարած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը՝ մաղթելով խորհրդարանի խօսնակին շուտափոյթ ապաքինում:

«Դատապարտելի է այն, որ յարձակման է ենթարկուել «Ազատութիւն» ռատիոկայանի երեւանեան գրասենեակը: Ինչպէս վկայում են այս պահի տուեալները, տեղի է ունեցել լրատուամիջոցի գոյքի ու սարքաւորումների նկատմամբ յարձակման փորձ, ինչպէս նաեւ ըստ այս պահի տուեալների՝ յարձակում է եղել լրատուամիջոցի աշխատակիցների նկատմամբ», – ըսուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յայտարարութեան մէջ: «Բացի այն, որ նման արարքները օրէնքով արգիլուած են, այս դժուար օրերուն լրատուամիջոցները կարեւորագոյն գործառոյթներ են կատարում», – կը շեշտէ Արման Թաթոյեան:

«Այս դժուար օրերին պէտք է ուղղակի բացառել իրար նկատմամբ բռնութեան որեւէ դէպք, պէտք է բացառել անգամ բռնութեան որեւէ կոչ կամ հնարաւորութիւն։ Դա միայն աւելացնում է լարուածութիւնը: Այս ճակատագրական օրերին մեզ առաւել, քան երբեւէ անհրաժեշտ է համերաշխութիւն ու համախմբուածութիւն», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Իւրաքանչիւրս պէտք է գիտակցենք ամէն պահ, որ մենք ունենք պետութիւն, որտեղ գործում են օրէնքներ ու մեր պետութիւնում կան պատասխանատու մարմիններ, որոնք պարտաւոր են գործել այդ օրէնքներին ու իրաւունքին համապատասխան: Մեր այդ պետականութիւնն են հիմա պաշտպանում մեր հերոս զինուորները սահմանին», – յայտարարած է Արման Թաթոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment