Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ռուսաստանի Իշխանութիւնները Յայտարարած են, Որ Կարողացած են Դադրեցնել Ղարաբաղեան Պատերազմը

Ռուսաստանի Իշխանութիւնները Յայտարարած են, Որ Կարողացած են Դադրեցնել Ղարաբաղեան Պատերազմը

by MassisPost

Ռուսաստանի իշխանութիւնները բոլոր հարթակներէն յայտարարած են, որ կարողացած են դադրեցնել ղարաբաղեան պատերազմը։

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին այսօր՝ Նոյեմբեր 10-ի Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ յոյս յայտնած է, որ Ղարաբաղի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն կը հաստատուի, եւ որ այն, ինչ կը կատարուէր Ղարաբաղի մէջ, մեծ ողբերգութիւն էր։

«Մեծ բաւականութեամբ կը ցանկամ նշել նախանշուած փոխզիջումներով ու ձեռք բերուած համաձայնութիւններով արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու մասին։ Յուսով եմ` վերջին շրջանին մեր ձեռնարկած բոլոր քայլերը կը յանգեցնեն երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման՝ ի բարօրութիւն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն», – այսօր յայատարարած է Փութինը:

«Այս պահուն մենք կը շարունակենք ելլել միջազգային իրաւունքի բոլոր համապատասխան հիմնական աքթերէն։ Առաջին հերթին խօսքը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու եւ այլ փաստաթուղթերու մասին է», – այս պատասխանը տուած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին հարցին։

Տմիթրի Փեսքովը նաեւ աւելցուցած է, որ Քրեմլինը երէկ գիշեր ստորագրուած յայտարարութիւնը կը համարէ երկու երկիրներու ժողովուրդներու յաղթանակը` ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի, որովհետեւ կանգ առած է պատերազմը։ «Որպէսզի պատերազմը կանգ առնէ, եւ որպէսզի այդ վերահսկուի եւ ապահովագրուի, այնտեղ այժմ կը մտնեն ռուս խաղաղապահները, անոնք կ’ապահովեն ռազմական գործողութիւններու շարունակական բացակայութիւնը», – ըսած է այսօր Փեսքով:

Քրեմլինը այսօր հրապարակած է յայտարարութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներակայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան այսօր «Էխո Մոսկվի» ռատիոկայանի եթերով որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է, մասնաւորապէս շեշտած է, որ յայտարարութեան մէջ յստակ նշուած է, որ խօսքը միայն ռուսական խաղաղապահներու մասին է. – «Շատ կարեւոր մէկ բան, որու վրայ ես կ’ուզէի ուշադրութիւն դարձնել: Խօսքը ռուսական խաղաղապահ ուժերու մասին է, բացառապէս ռուսական խաղաղապահներու մասին, որոնք պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի ողջ երկայնքով»։

Ընդ որում, թէ՛ Ռուսատսանի նախագահը իր յատուկ ուղերձով, թէ՛ այսօր Մարիա Զախարովան, ըստ էութեան, կը շեշտեն, որ հիմնականը ռուսական կողմի համար այս յայտարարութեան մէջ ռուսական խաղաղապահներու մասին կէտն է։

Աւելցնենք, որ Անգարան կը խօսի այն մասին, որ խօսքը ոչ թէ ռուս խաղաղապահներու մասին է, այլ ռուս-թրքական, Մոսկուան ալ այս փաստօրէն կը հերքէ։ Ամէն պարագային ռուս խաղաղապահները արդէն Հայաստան եւ Ղարաբաղ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment