Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Կը Շնորհաւորէ Ամերիկայի Նորընտիր Նախագահ Ճօ Պայտընին

ՍԴՀԿ Կը Շնորհաւորէ Ամերիկայի Նորընտիր Նախագահ Ճօ Պայտընին

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի վարիչ Մարմինը շնորհաւորական նամակ յղած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընին:

Յարգելի Նորընտիր Նախագահ Ճօ Պայտըն,

Սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեր յաղթանակը, որ է նաեւ յաղթանակ Ամերիկայի ժողովուրդին ու երկրի ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ սկզբունքներուն:

Վստահ ենք որ, Ձեր կողքին ունենալով փոխ նախագահ Քամալա Հարրիսը պիտի կարողանաք յաղթահարել երկրի առջեւ ծառացած առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները:

Որպէս Ամերիկահայեր մենք ոգեւորուած ենք Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հանդէպ Ձեր ունեցած բարեկամական կեցուածքով եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ աւելի գործնական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան մասին Ձեր յայտարարութիւններով:

Յոյսով ենք որ, Ձեր պաշտօնի ստանձնումէն ետք գործի կը դնէք Ամերիկայի հեղինակութիւնը եւ միջազգային կապերը, կասեցնելու համար Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ծաւալած նախայարձակ պատերազմը ու կանխելու` շարունակուող մարդկային աղէտը:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Ձեզի` դժուարին առաքելութեան մէջ:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Նոյեմբեր 7, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment