Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հրետակոծուած են Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտունի քաղաքները, Նախնական Տուեալներով Տուժածներ Չկան

Հրետակոծուած են Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտունի քաղաքները, Նախնական Տուեալներով Տուժածներ Չկան

by MassisPost

Գիշերը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններուն պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն, ատրպէյճանական զինուած ուժերը առանձնակի աշխուժութիւն դրսեւորած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան ու հարաւային ուղղութիւններուն:

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան (ԱԻՊԾ) հաղորդմամբ՝ Մարտունիի մէջ կիրառուած է ծանր հրետանի։ Քաղաքին մէջ մէկ անգամ օդային տագնապ յայտարարուած է ։ Շուշին պարբերաբար հրթիռակոծուած է «Կրատ» կայանքէն։ Աւերածութիւնները այստեղ շատ են։ Նշանակէտը դարձեալ քաղաքացիական եւ հանրային նշանակութեան կառոյցները եղած են։ Օրուայ ընթացքին երկու անգամ Ստեփանակերտը հրթիռակոծուած է։ Խոշոր աւերածութիւններ չեն գրանցուած։ Նախնական տուեալներով տուժածներ չկան։

Հակառակորդի գրոհային խումբերու կողմէն ձեռնարկուած բազմակի գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէն կասեցուած են, կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան։

missile strike 2

«Առաւօտը 1-2 ուղղութեամբ փորձել են յարձակում իրականացնել, երկու տեղերում էլ կորուստներ կրելով յետ են շպրտուել: Շուշիի յարակից անտառների, բնակավայրերի ու ճանապարհների, կապուղիների ուղղութեամբ հականերթափանցող գործողութիւնները շարունակուում են այս պահին», – ըսաւ Յովհաննիսեան:

ՊՆ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Ստեփանակերտի մէջ իրավիճակը գիշերը եւ առաւօտեան համեմատաբար հանգիստ էր. «Շուշիի ուղղութեամբ են կրակել, Ստեփանակերտի ուղղութեամբ ամէն դէպքում լուրջ բաներ չի եղել, ես եղել եմ Ստեփանակերտում, պայթիւններ լսել եմ, բայց լուրջ բաներ չեն եղել»:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հաղորդմամբ՝ ժամը 10:30-ի սահմաններուն, արեւելեան հատուածը ատրպէյճանական ուժերը զրահապատ մեքենաներով յարձակման փորձ կատարած են, բայց հայկական կողմը զայն կասեցուցած է, որուն հետեւանքով հակառակորդը մարտի դաշտ թողած է 1 վնասուած զրահամեքենայ, 1 բեռնատար մեքենայ, իսկ մեծ քանակութեամբ կենդանի ուժ ետ շպրտուած է:

Ժամը 12։00-ի սահմաններուն Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտարարեց, որ կրկին կրակի տակ են խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս կը հրետակոծեն Բերձոր եւ Շուշի քաղաքները՝ յարակից բնակավայրերով։ Տուժածներու եւ աւերածութիւններու վերաբերեալ տուեալները դեռ կը ճշդուին։

Ի դէպ, այսօր՝ Նոյեմբեր 5-ին, Շուշի գտնուած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, ան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, որ հանդիպած է քաղաքի պաշտպաններուն հետ, «տեղում քննարկել ատրպէյճանական բազմաքանակ ուժերի դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը»:

«Արհեստավարժ զինուորականների եւ կամաւորականների համատեղ ջանքերով ստեղծուած պաշտպանական ամրութիւնները եւ տղաների վճռականութիւնը յոյս են ներշնչում, որ բերդաքաղաքն անառիկ պահելու համար գործադրուում են բոլոր հնարաւոր ջանքերը», – գրած է Յարութիւնեան։

Արցախի նախագահին հետ Շուշի եղած է նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Սեյրան Օհանեան, որուն Արայիկ Յարութիւնեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հերթին կը յայտարարէ, թէ հայկական զինուած ուժերը առաւօտեան, պարբերաբար գնդակոծած են Կորանպոյի եւ Թարթառի շրջաններու խաղաղ բնակավայրերը։ ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին հերքեց այս լուրերը՝ համարելով, որ անոնք հերթապահ յայտարարութիւններ են:

«Հերթապահ յայտարարութիւններ, որ առաւօտը զարթնում ենք, եթէ ժամը 9:30, 10-ին Ատրպէյճանը նման յայտարարութիւն չի տալիս, մի քիչ տխրում ենք», – ըսաւ Յովհաննիսեան:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment