Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուրուկուէյի Փայսանտու Նահանգի Օրէնսդիր Մարմինը Միաձայն Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Ուրուկուէյի Փայսանտու Նահանգի Օրէնսդիր Մարմինը Միաձայն Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

by MassisPost

Ուրուկուէյի ամենամեծ նահանգներէն Փայսանտուի օրէնսդիր մարմինը միաձայն` 28 կողմ քուէներով ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը:

Օրէնսդիր մարմնի նախագահ, Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էրմես Փասթորինին իր ելոյթին մէջ նշած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան դաժանութիւնը եւ նկատի ունենալով Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակը՝ առաջարկած է ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, որ ընդունուած է միաձայն:

Սա Արցախի անկախութեան առնչութեամբ Ուրուկուէյի մէջ առաջին պաշտօնական որոշումն է ուղիղ ժողովրդավարական քուէով ձեւաւորուած մարմնի կողմէ:

Փայսանտուի մէջ շատ քիչ հայեր կը բնակին: Նիստին ներկայ երկու հայեր՝ Սանտրա Նաւադեանը եւ Ասատուր Չեքմէեանը, քուէարկութենէն ետք օրէնսդիր մարմնի նախագահին նուիրած են Արցախի դրօշը, եւ որոշուած է այն դնել գլխաւոր սեղանին:

Նիստը տեղի ունեցած է Փայսանտուի մշակոյթի տան մէջ՝ նկատի ունենալով, որ օրէնսդիր մարմնի Պալատին մէջ շինարարական աշխատանքներ կ’ընթանան:

Վստահելի աղբիւրներէ «Ազատութեան» յայտնի դարձած է, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի իշխանութիւնները անմիջական եւ աշխոյժ կապի մէջ են՝ քննարկելով Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուող յարձակումները եւ հնարաւոր բոլոր լուծումները:

Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցով Ուրուկուէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են երկրի արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժոյի եւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն հետ:

Ուրուկուէյի կառավարութիւնը շաբաթներ առաջ յատուկ յայտարարութեամբ դատապարտած էր յարձակումները հայ ժողովուրդի դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment