Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ըստ Լը Տրիանի, Թուրքիան «Յարձակողական Քաղաքականութիւն կը Վարէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ»

Ըստ Լը Տրիանի, Թուրքիան «Յարձակողական Քաղաքականութիւն կը Վարէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ»

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարար՝ Ժան-Իվ Լը Տրիանի խօսքով՝ Փարիզի եւ Անգարայի միջեւ քանի մը տարի է ինչ լուրջ տարաձայնութիւններ առկայ են, եւ ֆրանսական իշխանութիւնները այս առթիւ Թուրքիայէն յստակ պարզաբանումներ կը պահանջեն։ Այս մասին Ֆրանսայի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտարարած է այսօր՝ Նոյեմբեր 5-ին, «Եւրոպա 1» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Թուրքիան յարձակողական գործողութիւններ կը կատարէ Եւրոպայի անմիջական հարեւանութեամբ, մասնաւորաբար՝ Լիպիոյ, Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ նոյնիսկ Իրաքի հիւսիսի մէջ։ Այժմ նաեւ նոր գործօն մը ի յայտ եկած է։ Վերջին օրերուն փոխուած է նախագահ Էրտողանի՝ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի հասցէին հնչող յայտարարութիւններու տոնայնութիւնը ոճը։ Կանոնաւոր կերպով Էրտողանի կողմէ ատելութեան եւ բռնութեան ոգիով լեցուն յայտարարութիւններ կը հնչեն, որոնց թիրախն է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը», – յայտարարած է Ժան-Իվ Լը Տրիան՝ նշելով, – «Փարիզը կը պահանջէ, որ Թուրքիան հրաժարի նման պահուածքէ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment