Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Նամակ Յղած է Փութինին՝ Անյապաղ Սկսիլ Խորհրդակցութիւններ Հայաստանին Աջակցելու Նպատակով

Փաշինեանը Նամակ Յղած է Փութինին՝ Անյապաղ Սկսիլ Խորհրդակցութիւններ Հայաստանին Աջակցելու Նպատակով

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շաբաթ օր, նամակ յղած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին անյապաղ խորհրդակցութիւններ սկսելու՝ սահմանելու աջակցութեան տեսակները եւ չափը, որ Ռուսաստան կրնայ յատկացնել Հայաստանին: Այս տեղեկութիւնը տարածեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը առաւօտեան տարածած հաղորդագրութեամբ:

«Նամակում, մասնաւորապէս, ընդգծուել է Մերձաւոր Արեւելքից օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչների տեղափոխման եւ վերջիններիս Լեռնային Ղարաբաղի դէմ մարտական գործողութիւններում ներգրաւման հանգամանքը: Հաշուի առնելով մարտական գործողութիւնների Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին մօտենալու, ՀՀ տարածքի նկատմամբ արդէն իսկ տեղի ունեցած ոտնձգութիւնների փաստերը: ՀՀ վարչապետը դիմել է ՌԴ նախագահին սկսելու անյապաղ խորհրդակցութիւններ՝ սահմանելու աջակցութեան տեսակները եւ չափը, որը Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կարող է յատկացնել Հայաստանի Հանրապետութեանը՝ իր անվտանգութեան ապահովման համար՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ 1997թ. Օգոստոսի 29-ի «Բարեկամութեան, Համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան մասին» պայմանագրի 2-րդ յօդուածը»,- ըսուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Վարչապետի նամակի վերաբերեալ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան հաղորդագրութենէն ետք, Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ- որուն մէջ ըսուած է. «Ռուսաստանը, դաշնակցային պայմանաւորուածութիւնների համաձայն, անհրաժեշտ ողջ աջակցութիւնը կը ցուցաբերի, եթէ ռազմական գործողութիւնները տեղափոխուեն անմիջապէս Հայաստանի տարածք»:

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան իր կարգին յայտնած է որ, հայ-ռուսական վերոյիշեալ պայմանագիրը յստակ գործողութիւններ կ՛ենթադրեն, եթէ յարձակումի սպառնալիք յառաջանայ երկու պետութիւններէն որեւէ մէկու համար, կամ եթէ Հայաստանն ու Ռուսաստանը յարձակման ենթարկուին:

«Այս պարագայում խօսքը ռուսաստանեան կողմի սկզբունքային դիրքորոշման մասին է, որը հրապարակուել է Հայաստանի դիմումի հետ կապուած, այն բոլորը, ինչ կապուած է կոնկրետ ձեւաչափերի հետ, լրացուցիչ կը քննարկուի», – ըսած է Զախարովան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment