Արցախի Պաշտմանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու կողմէ մարտական գործողութիւններու ընթացքին գերեվարուած է հերթական սուրիացի վարձկանը, որ, ինչպէս պարզուած է նախնական հարցաքննութեան ժամանակ, 1988-ին ծնունդ, Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի «Ճըսր ալ-Շուղուր» շրջանի Զիատիա գիւղի բնակիչ Եուսէֆ Ալաապըտ ալ Հաճին է:
Ամուսնացած է: Ունի 5 երեխայ:
Արցախի մէջ, իր խօսքերով, «քաֆէրներու» (անհաւատներու) դէմ կռուելու համար անոր խոստացուած է ամսական 2000 տոլար վարձավճար ու եւս 100 տոլար «պարգեւավճար»՝ ամէն «քաֆէրի» գլուխ կտրելու համար:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ մարտերը ահաւոր լարուած վիճակով կը շարունակուին. սուրիացի վարձկանները պատերազմի առաջին ճակատներուն վրայ են, իրողութիւն, որ մեծ ճնշումներ կը ստեղծէ Թուրքիոյ վրայ։
Աղբիւրրը յայնտած է նաեւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Սուլթան Մուրատ» եւ «Համզաթ» խմբակցութիւններէն եւ այլ խմբակցութիւններէ վարձկաններու նոր խումբ մը՝ բաղկացած շուրջ 400 վարձկաններէ տեղափոխած է Ատրպէյճան: Վերջիններս օրեր առաջ կը պատրաստուէին մեկնիլ Ատրպէյճան, սակայն զինադադարի յայտարարութիւնը խանգարած էր տեղափոխութիւնը այն ատեն: Այսպիսով, մինչեւ այս պահը Ատրպէյճան տեղափոխուած վարձկաններուն թիւը հասած է 2050-ի:
Աղբիւրը հաստատած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող վարձկաններու մարդկային կորուստները աւելցած են, որով Թուրքիոյ Կառավարութեան կողմէ անոնց ճակատամարտի առաջին շարքերը նետուելէ ետք, վարձկաններու զոհերուն թիւը աճած է հասնելով 231-ի, որոնցմէ 183-ի դիակները տեղափոխուած են Սուրիա, իսկ մնացածներուն դիակները տակաւին Ատրպէյճանի մէջ են:
Դիտարանը յայտնած է նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնն ու գաղտնի սպասարկութիւնները կը շարունակեն Սուրիայէն վարձկաններ հաւաքագրել, զանոնք ուղարկելու ատրպէյճանական ուժերու կողքին մասնակցելու ռազմական գործողութիւններուն հայկակն ոյժերուն դէմ պատերազմին մէջ: Սակայն այս գործողութիւնը չափազանց գաղտնիութեան պայմաններով կը կատարուի, մտավախութիւն ունենալով Միջազգային հանրութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ հնչելիք «վարձկաններ զինելու» մասին ծանր մեղադրանքէն։