«Ինթըրֆաքս» լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ, Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, թէ պատրաստ է մեկնիլ Մոսկուա եւ առանց նախապայմաններու բանակցիլ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Միեւնոյն ժամանակ Ալիեւ նշած է, թէ կասկածի տակ կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու հարցով «կառուցողական աշխատանք կատարելու Երեւանի ունակութիւնը»:
«Ես այդպիսի հրաւէր [Մոսկուայի մէջ բանակցելու] չեմ ստացած, ես բազմիցս մասնակցած եմ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումներուն, բայց այն բանէն յետոյ, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած է [վարչապետ] Փաշինեան, նման հանդիպումներ չեն եղած: Ես երբեք Հայաստանի նախորդ ղեկավարներու հետ բանակցութիւններէն չեմ խուսափած», -ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:
«Ինթըրֆաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշած է նաեւ, որ Ռուսաստանը՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր, յատուկ դեր կը կատարէ կարգաւորման հարցով:
«Ռուսաստանը միշտ սերտ կապեր ունեցած է եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Ատրպէյճանի հետ, եւ այսօր ալ քաղաքական ու տնտեսական առումով աշխուժօրէն կը համագործակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, Ռուսաստանը մեր հարեւանն է: Անոր համար ալ հանդիպումներու մեծ մասը տեղի ունեցած է Ռուսաստանի տարածքի մէջ, բայց Փաշինեանի օրօք նման բան չէ եղած: Ես չեմ գիտեր, թէ որքանով նման հանդիպումը հիմա արդիւնաւէտ կ’ըլլայ, բայց եթէ ստացուի [Մոսկուա մեկնելու] հրաւէր, մենք այդ միշտ դրական քննարկած ենք եւ կը քննարկենք», – ըսած է Ալիեւ:
Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի, Ատրպէյճանի նախագահը պատրաստ է բանակցիլ առանց նախապայմաններու:
«Անոր վկայութիւնը այն է, որ վաղը Ժընեւի մէջ պէտք է տեղի ունենայ մեր երկու երկիրներու [Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի] արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը», – նշած է Ալիեւ: