Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Դարձեալ Հրթիռակոծած է Ստեփանակերտն ու Շուշին, Թիրախաւորած է Ստեփանակերտի Ծննդատունը

Ատրպէյճան Դարձեալ Հրթիռակոծած է Ստեփանակերտն ու Շուշին, Թիրախաւորած է Ստեփանակերտի Ծննդատունը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 28-ի կէսօրէն ետք, Արցախի մայրաքաղաքի ու Շուշին խաղաղ բնակավայրերը ենթարկուած են հակառակորդի հրթիռակոծութեան։ Շուշիիի մէջ մէկ մարդ զոհուած է, եւս երկուքը վիրաւորուած:

Շուշիի Մշակոյթի տան մերձակայքը, Ղազանչեցոց եկեղեցիէն ոչ հեռու ենթադրաբար օդային ռումբ ընկած էր։ Գրեթէ ամբողջութեամբ փլուզուած է բնակելի տուն մը եւ վնասուած է դպրոցի շէնքը։

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ նախնական տուեալով, Շուշիի քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կայ առնուազն մէկ զոհ եւ երկու վիրաւոր։

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախաւորած են նաեւ Ստեփանակերտի ծննդատունը, կը հաղորդէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը:

Տուժուողներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին։

Հայկական կողմը կը հերքէ հակառակ կողմի հաղորդումները ատրպէյճանական խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծման մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment