Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Հաստատած Է Թրքական F-16 Ռազմական Օդանաւերու Առկայութիւնը Ատրպէյճանի Մէջ

Ալիեւ Հաստատած Է Թրքական F-16 Ռազմական Օդանաւերու Առկայութիւնը Ատրպէյճանի Մէջ

by MassisPost

Այսօրուայ՝ Հոկտեմբեր 26-ի տեսաուղերձով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ հաստատած է, որ իր երկրին մէջ թրքական F-16 ռազմական օդանաւեր կան։ Ան ըսած է, թէ արբանեակէն կարելի է տեսնել եւ համոզուիլ, որ անոնք կը գտնուին գետնի վրայ, այլ ոչ թէ երկինքը։

«Անոնք եկած են զօրավարժութիւններուն մասնակցելու նպատակով եւ մնացած այստեղ, երբ սկսաւ պատերազմը։ Մեր թուրք եղբայրները ատոնք թողած են բարոյապէս մեզի աջակցելու համար», – ըսած է Ալիեւ եւ սպառնացած. – «Բայց եթէ դուրսէն մեր դէմ յարձակում ըլլայ, անոնք կը տեսնեն այդ F-16-ները»։

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ այսօր, տեսաուղերձով դիմելով իր ժողովուրդին, ըսած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի կա՛մ քաղաքական եւ կա՛մ ռազմական ճանապարհով։

«Ես կ’առաջարկեմ, եթէ կը ցանկաք, որ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորուի, ուրեմն մենք կը դադրեցնենք մարտական գործողութիւնները։ Բայց մեզի պէտք է անյապաղ ըսուի, որ Հայաստանը դուրս պիտի ելլէ մեր հողերէն։ Մեզի պէտք է գրաֆիկ ժամանակացոյց ներկայացուի, քանի օրէն անոնք դուրս պիտի ելլեն այս շրջանէն, քանի օրէն միւս շրջանէն։ Հայաստանը այդ գրաֆիկը ժամանակացոյցը մեզի չէ ներկայացուցած։ Այդ պարագային, եթէ հրադադարը շարունակուի, իսկ հարցը սառեցուած մնայ, ուրեմն այդ մեզի համար ձեռնտու չէ», – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment