Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Նպատակ Չունի Խաղաղ Երկխօսութիւնը Վերսկսելու, Կը Շեշտէ Արայիկ Յարութիւնեան

Ատրպէյճանը Նպատակ Չունի Խաղաղ Երկխօսութիւնը Վերսկսելու, Կը Շեշտէ Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Հակառակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու գործադրած ջանքերուն, ուղղուած տարածաշրջանի մէջ մարդասիրական հրադադար հաստատելուն, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել եւ խախտել այդ նպատակով ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, կը յայտարարէ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան:

«Ինչպէս եւ նախորդ անգամները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների միջնորդութեամբ եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների մասնակցութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, որը վերահաստատում էր Մոսկուայում Հոկտեմբեր 10-ին եւ Փարիզում Հոկտեմբեր 17-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահների նախաձեռնութեամբ համաձայնեցուած մարդասիրական հրադադարը կեանքի կոչելու եւ պահպանելու կողմերի յանձնառութիւնը, այսօր կրկին կոպտօրէն խախտուել է պաշտօնական Պաքուի կողմից: Յատկապէս օրուայ երկրորդ կէսին Ատրպէյճանն առաջնագծի ողջ երկայնքով վերսկսել է նախայարձակ գործողութիւնները՝ հրթիռահրետանային միջոցների կիրառմամբ», – գրած է Յարութիւնեան իր դիմատետրի էջին վրայ:

Ըստ նախագահին` այս ամէնը կը հաստատէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, ունենալով Թուրքիոյ իշխանութիւններու անվերապահ հովանաւորութիւնը եւ վարձկան-ահաբեկիչներու աջակցութիւնը, որեւէ նպատակ չունին խաղաղ երկխօսութիւնը վերսկսելու եւ բացայայտ կերպով հասկցնել կու տան, որ պիտի շարունակեն ռազմական ջանքերը Արցախի վերջնական հայաթափման ուղղութեամբ:

«Ուստի, մեր համազգային խնդիրն է պայքարել յանուն սեփական հայրենիքում արցախահայութեան անվտանգ ու արժանապատիւ գոյութեան: Մեր ժողովրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքները որեւէ զիջման ենթակայ չեն, եւ այդ հարցում մեր վճռականութիւնը վեր է բոլոր տեսակի հանգամանգներից ու ցանկութիւններից», – աւելցուցած է Յարութիւնեան:

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական կողմը իր հերթին կը յայտարարէ, որ հայկական կողմը խախտած է երրորդ հրադադարի ռեժիմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment