Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լաւրովը Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Իր Հայաստանցի Եւ Ատրպէյճանցի Պաշտօնակիցներուն Հետ

Լաւրովը Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Իր Հայաստանցի Եւ Ատրպէյճանցի Պաշտօնակիցներուն Հետ

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոկտեմբեր 20 եւ 21-ին արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը առանձին հանդիպումներ ունեցած է աշխատանքային այցերով Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

«Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ կրակի դադրեցման շուրջ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ խնդրի հաստատուն կարգաւորման վերաբերող հրատապ հարցերը», – նշուած է Ռուսաստանի ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment