Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանի Մէջ Կ’ուժեղանան Ներքին Ճնշումները՝ Կապուած Ցեղային Փոքրամասնութիւններու Հետ

Ատրպէյճանի Մէջ Կ’ուժեղանան Ներքին Ճնշումները՝ Կապուած Ցեղային Փոքրամասնութիւններու Հետ

by MassisPost

Ատրպէյճանական ու թրքական հիսթերիան հասած է իր գագաթնակէտին ռազմաճակատին վրայ տեղի ունեցած դէպքերու պատճառով, իսկ անոր զուգահեռ Ատրպէյճանի մէջ կ’ուժեղանան ներքին ճնշումները՝ կապուած ցեղային փոքրամասնութիւններու (թալիշներ, աւարներ եւ լեզկիներ) դժգոհութիւններուն հետ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, այդ մասին կը գրէ skynewsarabia-ն՝ աւելցնելով, որ անոր կը գումարուին նաեւ Ատրպէյճանի մեծաթիւ մարդկային կորուստները՝ չնայած  քաղաքական եւ բժշկական, ինպէս նաեւ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու տեսքով օգնութեան ստացումը Թուրքիայէն, Վրաստանէն, Փաքիստանէն եւ Աֆղանիստանէն:

«Այդ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կը ձգէ բարդ իրավիճակի մէջ հայրենական եւ միջազգային հանրութեան առաջ: Եւ այս զինք ստիպեց քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար փոխել ռազմավարութիւնը՝ Արցախի վրայ յարձակման «օրինականութեան» չափաբաժինը աւելցնելով, եկեղեցիներն ու քաղաքները ռմբակոծելով», – նշած է լրատուամիջոցը:

Լրատուամիջոցը գրած է, որ յարձակելով եկեղեցւոյ վրայ՝ Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Թուրքիան, կը փորձեն տարածքային հակամարտութեան պատրուակով զայն վերածել կրօնականի՝ ճիհատիսթներու մաշտապով՝ աւելի շատ ծայրայեղականներ ու ահաբեկիչներ ներգրաւելու համար:

Ըստ լրատուամիջոցին՝ այս քայլով Ատրպէյճանը երկու նպատակի կ’ուզէ հասնիլ՝ դուրս գալ ներքին փակուղիէն եւ կրօնական տեսանկիւնէն իրաւական հիմքեր ստեղծել ամբողջ աշխարհի ահաբեկիչներուն ճիհատի շուրջ համախմբելու համար:

Կայքը նշած է, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ելք չունին այս փակուղիէն, բացի ռազմի դաշտին վրայ նոր իրականութիւն ստեղծելէ եւ այնտեղ նոր յաջողութիւններու հասնելէ, ահաբեկիչներուն ու ճիհատիսթներուն օգնութեամբ, քանի որ իր բանակը չկարողացաւ այդ ընել: Եւ եթէ Ատրպէյճանը չկարողանայ զգալի յաջողութիւններու հասնիլ, ապա չի կարողանար նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment