Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հոկտեմբեր 10-ի` Ժամը 12-էն Սկսեալ Յայտարարուած է Մարդասիրական Զինադադար

Հոկտեմբեր 10-ի` Ժամը 12-էն Սկսեալ Յայտարարուած է Մարդասիրական Զինադադար

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը համաձայնած են Հոկտեմբեր 10-ին զինադադար հաստատել Ղարաբաղի մէջ եւ դադրեցնել տասներեք օր շարունակուած պատերազմը:

Համաձայնութիւնը գոյացած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ աւելի քան տասը ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտին:

Դռնփակ հանդիպման աւարտին հրապարակուած միատեղ յայտարարութեան մէջ, կողմերը կը յայտնեն որ, համաձայնած են հրադադար հաստատել Հոկտեմբերի 10-ի` ժամը 12:00-էն սկսեալ, մարդասիրական նկատառումներով` ռազմագերիներու փոխանակման եւ զոհուածներու աճիւններու Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ դուրս բերելու համար:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հրադադարի աւելի յստակ պայմաններու մասին տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ:

Կողմերը կը հաստատեն, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոփոխութեան ենթակայ չէ եւ պիտի սկսին հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առարկայական բանակցութիւններ` Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ` շուտափոյթ խնդրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:

Այս բանակցութիւնները ղարաբաղեան պատերազմը սկսելէն ի վեր առաջինն են, որոնց կը մասնակցի պաշտօնական Երեւանը, եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու դէմ առ դէմ առաջին հանդիպումը:

Արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանի՝ այսօր Մոսկուա մեկնելու մասին «Ազատութիւն»ին աւելի վաղ յայտնած էր Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան:

Երէկ երեկոյեան, պատերազմող կողմերուն յատուկ կոչով դիմած էր Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը: Կէսգիշերի մօտ Քրեմլինի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի կոչը՝ մարդասիրական նպատակներով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադար յայտարարելու՝ գերիներու եւ զոհերու աճիւններու փոխանակման համար: Պաշտօնական Մոսկուան չօգտագործէր բանակցութիւններ տերմինը սահմանումը՝ այլ կը կոչէ խորհրդակցութիւններ:

Ռուսաստանի նախագահի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով այսօր որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է, մասնաւորապէս, որ Վլատիմիր Փութինը երէկ մինչեւ ուշ երեկոյ շփումներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եւ լուրջ աշխատանք տարած է, որու հետեւանքով հրապարակուած է հրադադարի ու Մոսկուայի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի ունենալու մասին կոչը:

Փեսքովի խօսքով, Ռուսաստանի նախագահը չի նախատեսեր հանդիպիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Հարցին՝ արդեօք տեղի կ’ունենայ հրադադար, Քրեմլինի խօսնակը դժուարացած է պատասխանել:

Փութինը իրավիճակը Ղարաբաղի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ քննարկած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:

ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահ Ֆրանսայի նախագահի վարչակազմը յոյսով է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը կրնան պայմանաւորուիլ հրադադարի մասին արդէն այսօր երեկոյեան կամ վաղը: Այս մասին, յղում ընելով Էլիզէ պալատի աղբիւրին, գրած է France Press գործակալութիւնը:

Գործակալութեան աղբիւրի տուեալներով՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը հինգշաբթի երեկոյեան եւ ուրբաթ առաւօտեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ: France Press-ի աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ այժմ աշխատանքներ կը տարուին առաջիկայ օրերուն ԵԱՀԿ Մինսքի ծիրէն ներս բանակցութիւնները վերսկսելու ուղղութեամբ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ: Հանդիպումը ընթացած էր, ինչպէս ռուսաստանցի լրագրողները գրած են, կատարեալ գաղտնիութեան պայմաններով:

Արդեօք այս խորհրդակցութիւններով մեկնարկ կը տրուի Մոսկուայի նախաձեռնած եռակողմ բանակցութիւններու գործընթացին, յայտնի չէ, սակայն յստակ է, որ Մոսկուան նկատելիօրէն աշխուժացած է: Երկու օր առաջ ղարաբաղեան պատերազմի մասին առաջին անգամ խօսած է Ռուսաստանի նախագահը՝ զայն անուանելով «ողբերգութիւն»: Ան նաեւ շեշտած էր, որ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի մէջ կ’ապրին Ռուսաստանի համար ոչ օտար մարդիկ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment