Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան Անընդունելի Համարած Է Իսրայէլական Զէնքի Շարունակական Մատակարարումը Ատրպէյճանին

Արմէն Սարգսեան Անընդունելի Համարած Է Իսրայէլական Զէնքի Շարունակական Մատակարարումը Ատրպէյճանին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իսրայէլի Պետութեան նախագահ՝ Ռուվեն Ռիվլինի հետ: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Զրոյցի սկիզբը, նախագահները անդրադարձած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերուն:

Նախագահ՝ Սարգսեան այնուհետեւ ներկայացուցած է Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող զէնք-զինամթերքը իրականութեան մէջ ոչ միայն պաշտպանական նպատակներով կ’օգտագործուի, ինչպէս նախապէս կը հաւաստիացնէր իսրայէլական կողմը, այլեւ` յարձակողական: Այդ զինատեսակները լայնօրէն կը կիրառուին հայկական բնակավայրերը հրետակոծելու նպատակով եւ քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ` յանգեցնելով մարդկային բազմաթիւ զոհերու ու հսկայական աւերածութիւններու:

Նախագահ Սարգսեան բոլոր չափանիշներով անընդունելի համարած է զէնքի շարունակական մատակարարումը՝ ընդգծելով, որ այն լրջօրէն կարող է վտանգել հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները: Ան յորդորած է Իսրայէլի նախագահը, օգտագործել ազդեցութիւնը իր երկրի կառավարութեան վրայ՝ անյապաղ դադրեցնելու զէնքի մատակարարումները Ատրպէյճանին:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմի մտահոգութիւններն ու դիտարկումները արտացոլուած է նաեւ նախագահ Ռիվլինին ուղղուած նամակին մէջ:

Նախագահ Ռիվլինը պատրաստակամութիւն յայտնած է իր երկրի կառավարութեան հետ ամենայն ուշադրութեամբ ուսումնասիրել հայկական կողմի բարձրացուցած հարցերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment