Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արդեօք Այդ F-16-ները Խաղաղ Բնակչութիւնը Ռմբակոծելու Համար ե՞ն

Արդեօք Այդ F-16-ները Խաղաղ Բնակչութիւնը Ռմբակոծելու Համար ե՞ն

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեան Հարցազրոյց Տուած է The New York Times-ին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց տուած է The New York Times-ին, ուր անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Վարչապետի աշխատակազմը:

Հարցազրոյցին մասին յօդուածէն  կը կարդանք՝

«Նախագահ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդականի հետ հինգշաբթի կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նուրբ հարց մը բարձրացուց. ինչո՞ւ որեւէ բան չի ձեռնարկուիր, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու երկարամեայ դաշնակից Թուրքիոյ թույլ չտրուի ամերիկեան արտադրութեան F-16 ինքնաթիռներու օգտագործումը հայերուն դէմ: Պարոն Փաշինեանի կոչը Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռապըրթ Օ’Պրայընի ուղղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ծանր մարտերու բռնկումէն շատ չանցած:

Պարոն Փաշինեան մեր հեռախօսային հարցազրոյցի ժամանակ ըսաւ, որ հակամարտութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր հարթութիւն տեղափոխուած է Ատրպէյճանի օգտին Թուրքիոյ անմիջական ռազմական միջամտութեան պատճառով:

Հակամարտութիւնը տագնապներ կ’առաջացնէ, կապուած աւելի լայնածաւալ պատերազմի վտանգի հետ: ԱՄՆ-ը յայտնուած է անյարմար վիճակի մէջ, քանի որ քաղաքականապէս ազդեցիկ հայկական սփիւռքը կը տեսնէ, թէ ինչպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան F-16 ինքնաթիռներ կ’օգտագործէ ի օգուտ Հայաստանի թշնամիներուն:

«Միացեալ Նահանգները, – ըսաւ պրն. Փաշինեան, – պէտք է բացատրէ, թէ արդեօք այդ F-16-ները տրուած են խաղաղ գիւղերն ու խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելու  համար»: Ան նշեց, որ պարոն Օ’Պրայընը «լսած եւ ընդունած է» իր մտահոգութիւնները:

Պարոն Փաշինեան հրաժարեցաւ ըսելէ, թէ արդեօք Հայաստանը պատրաստ է յանձնել որեւէ տարածք հնարաւոր խաղաղ կարգաւորման պարագային, պնդելով, որ այդ հարցին պէտք է պատասխանէ ոչ թէ ինքը, այլ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը:

Պարոն Փաշինեանի խօսքով, Հայաստանի համար ներկայ մարտերը, որոնք սկսած են 27 սեպտեմբերին, ամիսներ տեւած լարուածութենէ յետոյ, «գոյաբանական սպառնալիք» կը ներկայացնեն Թուրքիոյ միջամտութեան պատճառով: Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ նախորդը՝ Օսմանեան կայսրութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին սպանեց մօտ 1,5 միլիոն հայ: ԱՄՆ-ի Քոնկրեսը եւ շատ երկիրներ յայտարարեցին, որ այդ սպանդը «Ցեղասպանութիւն» էր, զոր սակայն Թուրքիան չի ընդունիր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment