Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստան Կոչ Կ՚ընէ Անյապաղ Հրադադար Հաստատելու Ղարաբաղի Մէջ

Ռուսաստան Կոչ Կ՚ընէ Անյապաղ Հրադադար Հաստատելու Ղարաբաղի Մէջ

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց  Սերկէյ Լաւրով  Հայաստանի իր պաշտօնակից Զօհրապ Մնացականեանի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ըսած է որ, Ռուսաստան վերստին կոչ կ՚ընէ անյապաղ զինադադար հաստատելու Ղարաբաղի մէջ եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու կողմերուն` խնդրի կարգաւորումը Մինսկի խմբի հովանու ներքոյ դիւանագիտական ճանապարհով գտնելու համար:

Զրոյցի ընթացքին ռուսական կողմը մտահոգութիւն յայտնած է խաղաղ բնակչութեան մէջ զոհերու բարձրացող թիւի  կապակցութեամբ եւ  ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու հնարաւորութիւններուն մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment