Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահ. Յանձնարարել եմ Դադարեցնել Կրակը, Հետեւութիւններ Չանելու Դէպքում Շարունակելու Ենք

Արցախի Նախագահ. Յանձնարարել եմ Դադարեցնել Կրակը, Հետեւութիւններ Չանելու Դէպքում Շարունակելու Ենք

by MassisPost

«Գյանջայի Ռազմական Օդանաւակայանը Յօդս Ցնդեց»

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանով այսօր Պաշտպանութեան Բանակը ատրպէյճանական Գյանջայ քաղաքին մէջ տեղակայուած ռազմական կէտերու վնասազերծման նպատակով հասցուցած է մի քանի հրթիռային հարուած:

Այս տեղեկութիւնը փոխանցելով Յարութիւնեան աւելցուցած է-.

«Այս պահի դրութեամբ յանձնարարել եմ դադարեցնել կրակը՝ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանում անմեղ զոհերից խուսափելու համար:

Թշնամու կողմից համապատասխան հետեւութիւններ չանելու պարագայում մենք շարունակելու ենք համաչափ ու հուժկու հարուածները՝ կազմալուծելով եւ կազմաքանդելով թշնամու բանակը եւ թիկունքը:

Մենք մինչեւ վերջ վճռական ենք մեր գործողութիւններում: Կանգ առէք, քանի դեռ ուշ չէ»:

Աւելի կանուխ Արցախի նախագահը յայտնած էր, որ ատրպէյճանական բանակը, օգտագործելով «Պոլոնեզ» եւ «Սմերչ» համակարգեր, թիրախ կը դարձնէ Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Արայիկ Յարութիւնեան զգուշացուցած էր, որ Ատրպէյճանի զինուորական կէտերը այսուհետեւ կը դառնան  Պաշտպանութեան Բանակի թիրախները:

Աւելի ուշ նախագահի  խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը յայտարարուեց. «Գյանջայի ռազմական օդանաւակայանը յօդս ցնդեց»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment