Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Հրթիռակոծութեան Ժամանակ Տուժած Է Արտակարգ Իրավիճակներու Ծառայութեան Շէնքը

Ստեփանակերտի Հրթիռակոծութեան Ժամանակ Տուժած Է Արտակարգ Իրավիճակներու Ծառայութեան Շէնքը

by MassisPost

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 2-ի յետմիջօրէին, հրթիռակոծման ենթարկուած է Ստեփանակերտը։ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը յայտնէ, որ զոհեր չկան, 10 վիրաւոր կայ Արցախի փրկարար ծառայութեան մէջ: Մասնակի աւերուած է ծառայութեան շէնքը, պատեր քանդուած են, ապակիներ փշրուած եւ ինքնաշարժներ վնասուած:

Նախարարութեան ներկայացուցիչը ըսաւ. – «Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը, ինչպէս Կարմիր խաչը, ինչպէս շտապօգնութիւնը, մարդասիրական կառոյցներ է: Այսինքն` նրանք թիրախաւորում են ոչ միայն խաղաղ բնակավայրերը, այլ նաեւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները: Սա եւս մէկ անգամ վկայում է, որ Ատրպէյճանը ոչ մի տարբերութիւն չի դնում»:

Ստեփանակերտէն հնչեց առաջին արձագանգը: «Համաչափ պատասխան է լինելու, որի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու է Ալիեւ ընտանիքը», – Ֆէյսպուք գրեց Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան։

«Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին Պօղոսեան ըսաւ. – «Պաշտօնական Ստեփանակերտը չի լռելու: Յորդորում ենք վերջին անգամ երեւի, կամ եւս մէկ անգամ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը յստակ գործողութիւններու անցնի, որ ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի դադարեցնի այն սադրիչ գործողութիւնները, որ իրականացնում է Արցախի ժողովրդի նկատմամբ: Նման երկրները սովորաբար յայտնուում են պատժամիջոցների տակ: Իսկ մենք այդ պատժամիջոցները չենք տեսնում, բացի այսպէս ասած հերթապահ յայտարարութիւններից»:

Առտուընէ պաշտօնապէս կը հաղորդուի ատրպէյճանական նոր յարձակումներու մասին։ Արծրուն Յովհաննիսեանը կէսօրուայ մօտ տեղեկացուցած էր, որ Հատրութի ուղղութեամբ երկու անգամ հարուածած են «Սմերչով» եւ 5 քաղաքացի վիրաւորուած են։

stepanakert-2

Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի հաղորդումով` հայկական ՀՕՊ (Հակաօդային Պաշտպանութիւնը) ուժերը առտուընէ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով խոցած են երկու ինքնաթիռ, երեք Անօդաչու թռչող սարք (ԱԹՍ): Աւելի ուշ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները հաղորդեցին, որ խոցուած է հակառակորդի 5 ինքնաթիռ եւ 3 ուղղաթիռ:

Երեւանէն նաեւ պնդեցին, որ Հայաստանի տարածքէն Ատրպէյճանի ուղղութեամբ դեռեւս որեւէ հրթիռ չէ արձակուած:

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը «կեղծիք» որակեց Ատրպէյճանի պաշտօնական այն յայտարարութիւնները, թէ իբր Հայաստանի տարածքէն «Տոչկա-Ու» մարտավարական հրթիռային համալիրէն կը թիրախաւորուի եւ կը հրթիռակոծուի Ատրպէյճանի տարածքը. – «Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատրպէյճանական կողմին խստօրէն յորդորում է ձեռնպահ մնալ նման սադրանքներից եւ ՀՀ զինուած ուժերին չդրդել իրական հրթիռային հակահարուածների իր բոլոր հետեւանքներով»:

6-րդ օրը շարունակուող մարտական գործողութիւններու ընթացքին, հայկական կողմը արդէն 152 զոհ ունի։ 97-ի անունները աւելի վաղ հրապարակուած էին: Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեանը զինուորականներուն մէջ 54 նոր զոհերու մասին այսօր առաւօտեան հաղորդեց, պաշտօնապէս 55-ի անունները հրապարակուեցան։ Վիրաւորներու թիւը կը ճշդուի: Քաղաքացիական բնակչութենէն,  Հայաստանն ու Արցախը պաշտօնապէս յայտարարած են 13 զոհերու եւ 60-էն աւելի վիրաւորներու մասին։

«Այս պահին հրադադարի միտում չկայ», – Ստեփանակերտի մէջ առաւօտեան յայտարարեց լրագրողներու հետ հանդիպած Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալը։ Հակառակորդը անընդհատ կը յարձակի, նպատակը՝ հայկական կողմի պաշտպանութիւնը հիւսիսային ու հարաւային ուղղութեամբ ճեղքելն է։

stepanakert-3

Ատրպէյճանցիները մահացած զինուրականներուն թիւը չեն հրապարակեր, հայկական կողմը կը պնդէ, որ ատրպէյճանցիները այսօր առաւօտեան 8-ի տուեալներով՝ 1750 զոհ ունին։

Երէկուայ մարտերը ամփոփելով Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալը ըսաւ, որ ձախողած են հակառակորդի առաջխաղացման բոլոր փորձերը։

Արթուր Սարգսեան թէ՛ երէկուայ մարտական գործողութիւններու ուժեղութիւնը, թէ՛ կիրառուած սպառազինութիւնը աննախադէպ որակեց, յատկապէս հիւսիսային ու հարաւային ուղղութիւններով. – «Հակառակորդի կորուստները կազմած են. 39 զրահամեքենա, 4 ՍՈւ-25 ինքնաթիռ, 3 ՄԻ-24 ուղղաթիռ, 17 ԱԹՍ: Անձնակազմի կորուստը շուրջ 830-ի կարգի է: Ոչնչացուել է նաեւ հրետանային բաժանմունք»:

Ստեփանակերտէն հնչած է եւս մէկ յայտարարութիւն։ Հայկական կողմը կը պնդէ, որ հայերու դէմ բախումներուն, Թուրքիայէն Ատրպէյճան բերուած սուրիացի զինեալներ կը մասնակցին: ՊԲ հրամանատարի տեղակալը այսօր յայտարարեց, թէ բացայայտած են, որ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, հրամանները նաեւ արաբերէն կ’արձակուին․ – «Երէկ հակառակորդի խոցուած սպայի մօտ յայտնաբերուել է իսրայէլական արտադրութեան ռատիօկայան, որի վերծանման եւ մեր կողմից օգտագործման արդիւնքում մենք կարողացել ենք հաստատել, որ նշուած ուղղութիւններում գրոհող ստորաբաժանումները ղեկավարուում են արաբերէն լեզուով: Մնացած արդէն վերլուծութիւնը թողնում եմ ձեզ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment