Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փոմփէօ. ԱՄՆ-ը Հրադադարի Կոչ Կ’ընէ եւ Կը Դատապարտէ Երրորդ Ուժերու Միջամտութիւնը ԼՂ Հակամարտութեան

Փոմփէօ. ԱՄՆ-ը Հրադադարի Կոչ Կ’ընէ եւ Կը Դատապարտէ Երրորդ Ուժերու Միջամտութիւնը ԼՂ Հակամարտութեան

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կոչ կ’ընէ հակամարտող կողմերուն հրադադար հաստատելու եւ կը դատապարտէ երրորդ ուժերու միջամտութիւնը, ըսած է պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն Fox News-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Մենք դէմ ենք, որ այս հակամարտութիւնը միջազգային բնոյթ ստանայ, եւ կը կարծենք, որ կողմնակի ուժերը պէտք է հեռու մնան։ Մենք հրադադարի կոչ կ’ընենք», – ըսած է Փոմփէօն՝ ընդգծելով, որ ամերիկեան վարչակազմը խօսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ, յորդորելով դադրեցնել կրակը։

«Յոյսով ենք, որ առաջիկայ օրերուն անոնք կը համոզուին, որ անհնար է ռազմական ճանապարհով կարգաւորել ցեղային ու քաղաքական հակամարտութիւնները, իսկ երրորդ երկիրներու միջամտութիւնը միայն կը խորացնէ  խնդիրը», – ըսած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը։

Աւելի վաղ, Հայաստանի կառավարութիւնը հաղորդած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական՝ Ռապըրթ Օ՛Պրայընի հետ։

Ըստ պաշտօնական Երեւանի, Փաշինեան շեշտած է վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու տարածաշրջանէն դուրս մղելու անհրաժեշտութիւնը եւ առանց որու անհնար է հրադադարի հաստատումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment