Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սպիտակ Տունը Պէտք Է Թուրքիայէն Պահանջէ Հեռու Մնալ Այս Հակամարտութենէն. Պայտըն

Սպիտակ Տունը Պէտք Է Թուրքիայէն Պահանջէ Հեռու Մնալ Այս Հակամարտութենէն. Պայտըն

by MassisPost

Երեքշաբթի օր  յայտարարութիւն տարածեց Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու՝ Ճո Պայտընը: «Հաշուի առնելով Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ արագօրէն աճող կորուստները, Թրամփի վարչակազմը պէտք է կոչ ընէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն անյապաղ դադրեցնելու այս մագլցումը», – Թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է Պայտընը, աւելցնելով, որ Սպիտակ տունը նաեւ պէտք է Թուրքիայէն պահանջէ հեռու մնալ այս հակամարտութենէն: Առանց այլախօսութեան, ուղիղ գրութեամբ յիշատակելով Թուրքիան, ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածուն տարածած է նաեւ Reuters-ի հաղորդագրութիւնը, ուր գործակալութիւնը պատմած էր, թէ ինչպէս Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողան կը սպառնայ Հայաստանին ու կը պնդէ, թէ եկած է ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջ դնելու ժամանակը:

Աւելի վաղ, պատասխանելով լրագրողներէն մէկու հարցին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, թէ ինքը տեղեակ է խնդիրին, եւ որ իր վարչակազմը ուշի-ուշով կը հետեւի իրավիճակին: «Մենք այդ տարածաշրջանին մէջ լաւ յարաբերութիւններ ունինք, ուստի կը տեսնենք, արդեօ՞ք կարող ենք դադրեցնել բախումները», – նախօրէին Սպիտակ տունէն յայտարարած էր Թրամփը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment