Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կը Դատապարտէ Ղարաբաղի Մէջ Ռազմական Գործողութիւնները, եւ Կոչ Կ’ուղղէ Դադրեցնելու Զանոնք

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կը Դատապարտէ Ղարաբաղի Մէջ Ռազմական Գործողութիւնները, եւ Կոչ Կ’ուղղէ Դադրեցնելու Զանոնք

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ Ղարաբաղի մէջ վերսկսուած ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան վերածուելու լայնածաւալ պատերազմի: Սեպտեմբեր 29-ին, այս հարցի շուրջ Նիւ Եորքի փակ դռներու ետեւ տեղի ունեցած քննարկումներէն յետոյ, կառոյցի անդամ 15 պետութիւնները կոչ ուղղեցին կողմերուն անմիջապէս դադրեցնելու բախումները եւ անյապաղ վերսկսելու բովանդակային բանակցութիւնները` առանց որեւէ նախապայմանի:

Յայտարարութիւնը, որ ընդունուած է միաձայն, աջակցութիւն կը յայտնէ նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութիերեսին, որ աւելի վաղ հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ եւ կոչ ըրած դադրեցնելու կրակը ու հակամարտութիւնը կարգաւորելու խաղաղ ճանապարհով` Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ:

Վերջին անգամ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը քննարկած էր մօտ երեք տասնամեակ առաջ`1993 թուականին: Այս անգամ քննարկումը նախաձեռնած էր Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ-մշտական անդամ Էսթոնիան։ Ըստ որոշ հաղորդումներու, պալթեան պետութեան այդ հարցով աջակցած էին նաեւ եւրոպական շարք մը պետութիւններ, անոնց կարգին` Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներ Ֆրանսան ու Մեծ Բրիտանիան։

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի դեսպանները քննարկման ներկայ չէին, Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ՝ Ապտու Ապարրին, սակայն, չէ բացառած, որ ՄԱԿ-ը կրնայ նաեւ քննարկում նախաձեռնել անոնց մասնակցութեամբ:

«Եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, մենք կը խօսինք նաեւ երկու դեսպաններու հետ, որպէսզի անոնք կարողանան փոխհամաձայնութեան գալ», – ըստ ԹԱՍՍ գործակալութեան, ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը: Այլ մանրամասնութիւններ նիստէն չեն հաղորդուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment