Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Զօրակցական Կոչ Կ՚ուղղէ Հայստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն

ՍԴՀԿ Զօրակցական Կոչ Կ՚ուղղէ Հայստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն

by MassisPost

Զանգուածաբար Մասնակցիլ
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Հանգանակութեան Արշաւին

Հայկական ու միջազգային հանրային կարծիքը մեծ զարմանքով իմացաւ ատրպէյճանական բանակի անարգ յարձակումը Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ։ Եղածը ռազմատենչ քաղաքականութեամբ, լայնատարած ու խելագար գործողութիւնը մըն է եւ խախտում՝ միջազգային օրէնքներու։

Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները եւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը խաղաղ բնակավայրերու  ռմբակոծութեան պէտք է խիստ բողոքի արժանանան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ։

ՍԴՀԿ  բուռն կերպով կը դատապարտէ Ատրպէյճանական Սադրանքները ու վստահ է որ, այդ բոլորը պիտի մատնուին ձախողութեան՝ շնորհիւ Հայկական բանակներու մարտունակութեան եւ անկոտրում կամքին։

Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինն ու մեր բոլոր կառոյցները` լիովին զօրավիգ կը կանգնին Արցախի ժողովուրդին՝  ազատ ու ապահով ապրելու անոր արդար իրաւունքին։

Կը պահանչենք իսկոյն դադրեցնել պատերազմը եւ առանց նախապայմաններու , շարունակել բանակցութիւնները Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութհեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) հովանիին ներքեւ։

Այս առթիւ կոչ կ՚ուղղենք Ամերիկահայութեան զօրավիգ կանգնելու Հայոց քաջարի բանակին՝ մասնակցելով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կազմակերպած հանգանակութեան արշաւին։

Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Սեպտեմբերի 28, 2020
Լոս Անճելըս

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment