Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախեան Բանակը կը Տիրապետէ Իրավիճակին. Ճալալ Յարութիւնեան

Արցախեան Բանակը կը Տիրապետէ Իրավիճակին. Ճալալ Յարութիւնեան

by MassisPost

Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով շարունակուող մարտական գործողութիւններու ընթացիկ ու հնարաւոր հետագայ զարգացումներուն ծանօթանալու նպատակով 28 սեպտեմբերին, բանակի մարտական կառավարման կեդրոն այցելած են ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ու ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«ԱՀ ՊՆ, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար, Զօրավար Ճալալ Յարութիւնեան ներկայացուցած է դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը, անդրադարձած այն բոլոր գործընթացներուն, որոնք կ’իրականացուին ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու կողմէ՝ ատրպէյճանական յարձակումը դիմակայելու ուղղութեամբ:

Բանակի հրամանատարը վստահեցուցած է, որ իրավիճակը լիովին կը վերահսկուի ԱՀ Զինուած Ուժերու կողմէ, եւ ստեղծուած են լաւ հնարաւորութիւններ արձանագրուած յաջողութիւնները հետագային զարգացնելու համար»,- ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Մարտական գիծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը նախաձեռնած է հրասայլային գրոհ, սակայն, հանդիպելով Պաշտպանութեան Բանակի հրասայլային ու հակահրասայլային ստորաբաժանումներու յամառ դիմադրութեան, ծաւալուած հրասայլային մարտին ընթացքին կորսնցուցած է տաս թանկ:

Արցախի ՊՆ-էն յայտնած են, որ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment