Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնական Անգարան Կրկին Աջակցութիւն Յայտնած Է Ատրպէյճանին

Պաշտօնական Անգարան Կրկին Աջակցութիւն Յայտնած Է Ատրպէյճանին

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան այսօր՝ Սեպտեմբեր 28-ին կրկին խօսած է բարեկամական եւ եղբայրական Ատրպէյճանին ողջ կարողութեամբ աջակցելու Անգարայի պատրաստակամութեան մասին: «Եկած է ժամանակը վերջ դնելու տարածաշրջանին մէջ սկսած ճգնաժամին», – ըսած է Թուրքիոյ նախագահը Արեւելեան Միջերկրականի թեմայով այսօր կայացած գիտաժողովի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին, կրկին պնդելով, թէ «տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի, եթէ Հայաստանը դուրս ելլէ գրաւած տարածքներէն»։

«Վերջին զարգացումները տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու համար լաւ առիթ են խնդրի իրական եւ արդար լուծման ուղղուած միջոցներ գործադրելու համար: Յոյսով ենք, որ այս հնարաւորութիւնը ամենաարդիւնաւէտ կերպով կ’օգտագործուի»,- նաեւ ըսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ հանդիսացող երկրի նախագահը։

Երէկ, Կիրակի, Ղարաբաղի մէջ սկսած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէն ի վեր, պաշտօնական Անգարան արդէն քանի մը անգամ Ատրպէյճանին սատարող յայտարարութիւններ ըրած է։ Հայաստանն ալ իր հերթին մատնացուցած, որ Ատրպէյճանը կը ստանայ Թուրքիոյ լայնածաւալ ռազմաքաղաքական աջակցութիւնը։

Այսօր տարածած յայտարարութեան մէջ, Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը, մասնաւորապէս, շեշտած է. – «Յատկանշական է, որ Թուրքիան սատարել է Ատրպէյճանին ղարաբաղեան հակամարտութեան շրջանակներում դեռեւս անցեալ դարի 90-ական թուականներից, երբ ցամաքային շրջափակման ենթարկեց Հայաստանի Հանրապետութեանը։ Այնուհանդերձ, այս յարձակումի եւ դրան նախապատրաստուելու ընթացքում Թուրքիայի աջակցութիւնը կրել է որակական փոփոխութիւններ եւ բնութագրուում է ռազմական գործողութիւնների թատերաբեմում Թուրքիայի ուղղակի ներկայութեամբ»:

Թուրքիոյ նախագահը, այսօր անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն, ընդգծած է, որ եռանախագահող երկիրները 30 տարի է չեն լուծած ղարաբաղեան հարցը: Խօսելով հնչող քննադատութիւններուն մասին, թէ թրքական զինուժը կ’աջակցի Ատրպէյճանին, Էրտողանը յիշատակած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները զէնք ու զինամթերք մատակարարող ուժերը, նշելով, թէ անոնք հաշիւ պահանջելու իրաւունք չունին: «Արդէն եկած է պատասխան տալու ժամանակը, Ատրպէյճանը ստիպուած է իր ուժերով կերտել սեփական ճակատագիրը»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment