Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Զսպէ Ազրպէյճանի Դաշնակիցին Նկրտումները. ԱԺ

Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Զսպէ Ազրպէյճանի Դաշնակիցին Նկրտումները. ԱԺ

by MassisPost

Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ իրականացուող Ազրպէյճանի արկածախնդրութիւնը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է եւ պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան իրաւաքաղաքական գնահատականին: Այս մասին նշուած է ԱԺ յայտարարութեան մէջ՝  27 Սեպտեմբրին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակման դատապարտման վերաբերեալ:

Յայտարարութեան նախագիծը, որ հեղինակած են ԱԺ երեք խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, խորհրդարանի արտահերթ նիստին ներկայացուց ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «ՀՀ ազգային ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան 2020 Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծած յարձակումը եւ լայնածաւալ զինուած յարձակումը, որմով կոպտօրէն ոտնահարուած է միջազգային վէճերը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու սկզբունքը: Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան այս յանցաւոր գործողութիւնները, ներառեալ՝ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներով խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան եւ բնակավայրերու նկատմամբ ոչ ընտրողական յարձակումները, անոնց նախորդած յարձակումը՝ Տաւուշի մէջ 2020 թուականի Յուլիսին, մշտական ռազմատենչ ու հայատեաց հռետորաբանութիւնը, որոնք նպատակ կը հետապնդեն հայաթափելու Արցախի Հանրապետութիւնը, մէկ անգամ եւս կը փաստեն, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը իրական սպառնալիք է արցախահայութեան գոյութեան համար, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու, ամբողջ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար: Ուստի, հայկական զինուած ուժերու ինքնապաշտպանական բոլոր գործողութիւնները ուղղուած են այս վտանգի չէզոքացման»: Պատգամաւորները յայտարարութեամբ նկատած են, որ քաղաքացիական բնակչութեան, ծերերու, երեխաներու, կանանց դէմ ռազմական գործողութիւններ վարելը արգիլուած է ոչ միայն միջազգային իրաւունքով, այլ նաեւ բոլոր քաղաքակրթութիւններու մէջ, համաշխարհային բոլոր կրօններու եւ դաւանանքներու մէջ: Անոնք շեշտած են, որ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է գործուն քայլեր ձեռնարկելու՝ զսպելու ոչ միայն Ազրպէյճանի կողմէ ծաւալուող յարձակումը, այլեւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ շարունակական նկրտումները՝ միջամտելու Արցախեան հակամարտութեան, որ պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի ծայրաստիճան ապակայունացման, անմիջական սպառնալիք ստեղծելով միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան: «Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ իրականացուող Ազրպէյճանի այս արկածախնդրութիւնը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է, որ անպայման պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան իրաւաքաղաքական գնահատականին: Մենք կը պահանջենք իրերը իրենց անուններով կոչել, յստակօրէն արձանագրել մենատիրական Ազրպէյճանի կողմէ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուող յարձակումը, սահման գծել՝ մարդասիրութեան եւ մարդատեացութեան միջեւ:

ՀՀ ազգային ժողովը կը վերահաստատէ, որ հայկական կողմը մշտապէս հաւատարիմ մնացած է հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ, միեւնոյն ժամանակ, ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը, չի վարանի ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ պաշտպանելու արցախահայերուն անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման կամարտայայտութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment