Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շաբթուան Օրագիրը – Փաշինեանի Վարկանիշը, Թրամփի Երրորդ Շրջանը եւ Լիբանանի Ապագան

Շաբթուան Օրագիրը – Փաշինեանի Վարկանիշը, Թրամփի Երրորդ Շրջանը եւ Լիբանանի Ապագան

by MassisPost

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

roger stoneԱմերիկայի նախագահ ՏԱՆՈԼՏ ԹՐԱՄՓ Նեվատա նահանգին մէջ իր կողմնակիցներուն հետ ընտրական հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք պիտի յաղթէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, որմէ ետք պիտի «բանակցի» երրորդ շրջան մը եւս վերընտրուելու համար, հակառակ որ, ըստ սահմանադրութեան նախագահի ժամկէտը միայն երկու շրջան է:
Թրամփի այս յայտարարութեան եթէ գումարենք անոր գործակից ՌՈՃԸՐ ՍԹՈՆԻ հրապարակային խորհուրդը նախագահին՝ ընտրութիւններուն պարտուելու պարագային ռազմական դրութիւն հռչակելու եւ ընդդիմախօսները ձերբակալելու մասին, իսկապէս որ մտահոգուելու պատճառ ունի Ամերիկան:
*
pashinyan ratingՀայաստանի վարչապետ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆի վարկանիշը, ըստ ընդդիմադիր մամուլին եւ շրջանակներուն, իջած է 17,2 տոկոսի: Այս թիւը թմբկահարելով նոյն մարդիկ կը վկայակոչեն «ներքին հարցախոյզեր», որոնք իբրեւ թէ կատարուած են երեք տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ եւ երեքն ալ տուած են նոյն արդիւնքը:
Եթէ իսկապէս Փաշինեանի վարկանիշը այդքան ցած է, ընդդիմադրութիւնը օր առաջ պէտք է ժողովուրդը հաւաքէ Հանրապետութեան հրապարակը եւ յաջողցնէ ի՛ր յեղափոխութիւնը:
*
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ կը շարունակէ նախապատրաստուիլ իր խոստացած «մեծ հանրահաւաքին»: Այս շաբաթ համախոհներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին իրեն յիշեցուցած են երեք ամիս ետք սպասուող սովի մասին՝ Յունիսին իր կատարած յայտարարութիւնը:
Ծառուկեանի պատասխանը բաւական ուշագրաւ է՝ Հայաստանի ամենէն հարուստ մարդոցմէ մէկուն մտային կարողութիւնը հասկնալու համար: «Ես այդ մասին խօսեցայ Յունիսի 5-ին, որմէ անցած է երկու ամիս» ըսած է Ծառուկեան:
*
gulnaraՈւզպէքիստանի նախկին նախագահի դուստր՝ ԿԻՒԼՆԱՐԱ ՔԱՐԻՄՈՎԱն մեղադրուած է կաշառակերութեան մէջ ու անոր պատկանող ունեցուածքը բռնագանձելու որոշում կայացուած է: Այս ուղղութեամբ Ուզպէքիստանը եւ Զուիցերիան համաձայնութեան եկած են՝ Քարիմովայի անունով Զուիցերիոյ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած 131 միլիոն տոլարը Ուզպէքիստանի կառավարութեան վերադարձնելու ուղղութեամբ:
Այս համաձայնութիւնը կրնայ օրինակ ծառայել Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլեր ձեռնարկելու՝ նախկին ռեժիմի անդամներուն կողմէ պետութենէն գողցած եւ Զուիցերիական դրամատուներու գաղտնի հաշիւներուն մէջ պահ դրուած գումարները վերադարձնելու ուղղութեամբ:
*
larisaԲաց հասարակութեան հիմնադրամներ՝ կամ Սորոսի կազմակերպութեան Հայաստանի նախագահ ԼԱՐԻՍԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ հարցազրոյց ունեցած է Հանրային հեռատեսիլի հաղորդավար ՊԵՏՐՈՍ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ հետ: Սորոսականներու մասին անդադար հնչող մեղադրանքներուն անդրադառնալով Տիկ. Մինասեան յիշած է բազմաթիւ անուններ այն մարդոց, որոնք տարբեր տարիներուն գումարներ ստացած են իր գլխաւորած կազմակերպութենէն եւ այժմ կը մեղադրեն ներկայ իշխանութիւնները «սորոսականութեան» մէջ:
Սորոսի հիմնադրամէն գումարներ ստացած են Հայկ Բաբուխանեանը, Լեւոն Մարտիրոսեանը, Արա Բաբլոյեանը, Յասմիկ Պօղոսեանը, Գագիկ Յարութիւնեանը, Արթուր Ղազինեանը, Գէորգ Կոստանեանը, Լիլիթ Գալստեանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ կապ ունին նախկին իշխանութիւններուն հետ:
*
KaterinaՅունաստանի նախագահ ՔԱԹԵՐԻՆԱ ՍԱՔԵԼԱՐՈՊՈՒԼՕ CNN-ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է Միջերկրական ծովուն մէջ թուրք-յունական լարուածութեան մասին: Յունաստանի նախագահը յայտնած է, որ Ֆրանսայէն ձեռք բերուած «Rafale» ռազմական ինքնաթիռները ուղերձ են նաեւ Թուրքիային: «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզենք, պիտի աւելի պատրաստ ըլլանք պատերազմի», ինքնավստահ ըսած է Յունաստանի նախագահը, այժմ որ Եւրոպական երկիրներուն միացաւ նաեւ Միացեալ Նահանգները, զգուշացնելով Թուրքիոյ նախագահին՝ զսպելու իր ախորժակները:
*
nassralahԼիբանանի Շիա համայնքի ղեկավարներ՝ Հըզպալլաի առաջնորդ ՀԱՍԱՆ ՆԱՍՐԱԼԼԱ եւ Խորհրդարանի նախագա՝ ՆԱՊԻՀ ՊԸՐԻ լսել կու տան որ, ժամանակն է փոփոխութեան ենթարկելու երկրի Ազգային Ուխտը, որու համաձայն իշխանութիւնը հաւասարապէս բաժնուած է Քրիստոնեաներուն եւ Մահմետականներուն միջեւ:
Նկատի ունենալով որ Քրիստոնեաներու թիւը նուազած է եւ Շիա համայնքը դարձած է մեծամասնութիւն, անոնք կ՛առաջարկեն որ, իշխանութիւնը բաժնուի երեքի եւ Իսլամ Շիաները, Իսլամ Սիւնիները եւ Քրիստոնեաները՝ իւրաքանչիւրը ունենան իշխանութեան մէջ մէկ երրորդ բաժին:
Ի պատասխան՝ Քրիստոնեայ շրջանակներ կը զգուշացնեն, որ նման քննարկում սեղանի վրայ դրուելու պարագային, իրենք ալ պիտի պահանջեն Հըզպալլայի ջոկատներու զինաթափումը եւ ֆետերալ պետութեան ստեղծումը՝ որպէսզի իւրաքանչիւր համայնք վարէ իր շրջանի ներքին գործերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment