Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրանդ Տինքի Անուան Մրցանակին Արժանացան Օսման Քաւալան եւ Մուզն Հասանը

Հրանդ Տինքի Անուան Մրցանակին Արժանացան Օսման Քաւալան եւ Մուզն Հասանը

by MassisPost

Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակի այս տարուայ դափնեկիրը թուրք նշանաւոր հասարակական գործիչ՝ Օսման Քաւալան է:

Աւելի քան հազար օր ճաղերուն ետեւը գտնուող Քաւալան Սիլիվրիի բանտէն յղած իր ուղերձին մէջ նշած է. – « Կը հաւատամ, որ հասարակութեան տարբեր հատուածներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մարդոց միջեւ առկայ նախապաշարումները հնարաւոր է յաղթահարել մտածելով, խօսելով եւ լսելու միջոցով»:

osman-kavala

Իր խօսքին մէջ Քաւալան յիշած է նաեւ բանտ գտնուող քուրտ քաղաքական գործիչ՝ Սելահաթտին Տեմիրթաշին, լրագրող, հրապարակախօս՝ Ահմետ Ալթանին, բանտարկուած միւս լրագրողներուն եւ հացադուլի հետեւանքով վերջերս մահացած փաստաբան՝ Էպրու Թիմթիքին:

Թուրքիայէն դուրս գործունէութիւն ծաւալող գործիչներէն՝ Տինքի անուան մրցանակին արժանացած է կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող եգիպտացի աքթիւիսթ՝ Մուզն Հասանը:

mozan-hassan

«Նման արժէքաւոր մրցանակ ստանալը կ’իմաստաւորէ իմ վերապրած բոլոր դժուարութիւնները եւ կը յիշեցնէ առանց յուսահատելու պայքարը շարունակելու կարեւորութեան մասին»,-ոգեւորութեամբ նշած է Հասանը:

Արդէն 12-րդ անգամ Սեպտեմբեր 15-ին, Տինքի ծննդեան օրը տեղի ունեցող միջոցառումը այս տարի առցանց հարթակով կայացաւ: Արարողութեան ուղիղ եթերով հեռարձակումը «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան շէնքէն՝ «23,5»-էն էր, որ վերածուած է Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայրի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment