Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մնացականեանը եւ Արաբական Լիկայի Ղեկավարը Քննարկած Են Զարգացումները Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի Եւ Հարաւային Կովկասի Մէջ

Մնացականեանը եւ Արաբական Լիկայի Ղեկավարը Քննարկած Են Զարգացումները Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի Եւ Հարաւային Կովկասի Մէջ

by MassisPost

Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն անդրադարձած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի գլխաւոր քարտուղար՝ Ահմետ Ապուլ Ղէյթը Գահիրէի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

«Երկուստեք մտահոգութիւն յայտնուեց այդ տարածաշրջաններում սադրիչ գործողութիւնների եւ կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարմանն ուղղուած գործելակերպի դրսեւորումների առնչութեամբ, շեշտուեց տարածաշրջաններում խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանմանն ու ամրապնդմանը միտուած միջազգային հանրութեան միասնական քայլերի կարեւորութիւնը», – կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:

ԱԳ նախարարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները:

Անդրադարձ  կատարուած է պաղեստինեան խնդրի շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, Մնացականեանը կարեւորած է Լիբանանի եւ Սուրիայի մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:

Նախարարը նշած է, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է՝ վերարժեւորելու Հայաստանի եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ ուրուագծելու զայն ընդլայնելու հեռանկարները: Երկուստեք ընդգծուած է հայկական համայնքներու դերը Հայաստանի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment