Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 13 Օդանաւային Ընկերութիւններ Կանոնաւոր Թռիչքներ Կը Սկսին Դէպի Հայաստան

13 Օդանաւային Ընկերութիւններ Կանոնաւոր Թռիչքներ Կը Սկսին Դէպի Հայաստան

by MassisPost

«Զուարթնոց» օդակայանը հրապարակած է այն օդանաւային ընկերութիւններու ցանկը, որոնք արդէն իսկ վերսկսած են կամ շուտով կը վերսկսին կանոնաւոր թռիչքներ:

Aeroflot Russian Airlines -ը Մոսկուա-Երեւան-Մոսկուա երթուղիով թռիչք կը կատարէ իւրաքանչիւր հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը, իսկ Սեպտեմբեր 27-էն կը կատարէ նաեւ կիրակի օրերը:

Air France -ը Փարիզ-Երեւան-Փարիզ երթուղիով թռիչքներ կը կատարէ երեքշաբթի, ուրբաթ եւ կիրակի օրերը:

Austrian Airlines -ը Վիեննա-Երեւան-Վիեննա երթուղիով թռիչքներ կը կատարէ երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, իսկ Հոկտեմբեր 2-էն կը կատարէ նաեւ ուրբաթ օրերը:

Belavia-ն Մինսք-Երեւան-Մինսք երթուղիով թռիչքներ կը կատարէ ամէն օր:

Fly Dubai-ի Տուպայ-Երեւան-Տուպայ երթուղիով թռիչքները կը կատարուին երկուշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ կիրակի օրերը:

Middle East Airlines-ի Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ երթուղիով թռիչքները կը կատարուին շաբաթ օրերը:

Qatar Airways-ը Տոհա-Երեւան-Տոհա երթուղիով թռիչքներ կը կատարէ երկուշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը:

Sky Up-ը Քիեւ-Երեւան-Քիեւ երթուղիով թռիչքներ կը կատարէ երկուշաբթի եւ ուրբաթ օրերը:

Ukraine International Airlines-ը Քիեւ-Երեւան-Քիեւ երթուղիով թռիչքներ կը կատարէ երեքշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը:

Air Cairo-ն Սեպտեմբեր 17-ին կը վերսկսի Շարմ Ալ Շէյխ- Երեւան- Շարմ Ալ Շէյխ երթուղիով թռիչքները, որոնք կը կատարուին հինգշաբթի եւ կիրակի օրերը:

AMC Airlines-ը Սեպտեմբեր 19-ին կը վերսկսի Շարմ Ալ Շէյխ- Երեւան- Շարմ Ալ Շէյխ թռիչքները, որոնք կը կատարուին իւրաքանչիւր շաբաթ օր:

Armenia Airways-ի Երեւան-Թեհրան-Երեւան երթուղիով թռիչքները կը վերսկսին Սեպտեմբեր 20-ին եւ կը կատարուին երեքշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ կիրակի օրերը:

Air Arabia -ի Շարժա-Երեւան-Շարժա երթուղիով թռիչքները կը վերսկսին Հոկտեմբեր 11-էն եւ կը կատարուին չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ կիրակի օրերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment