Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲՀԿ-ին Առնչուող Նոր Քրէական Գործ Յարուցուած Է

ԲՀԿ-ին Առնչուող Նոր Քրէական Գործ Յարուցուած Է

by MassisPost

Սեպտեմբեր 10-ին, ընտրողներուն կաշառք տալու, կաշառք ստանալու, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտման եւ ընտրողի ազատ կամքի կատարումը խոչընդոտելու դէպքերու առթիւ յարուցուած է նոր քրէական գործ: Այս մասին կը յայտնէ Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ):

Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ լայնածաւալ քննչական գործողութիւններու հետեւանքով, փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որ «Արարատցեմենտ» ՓԲ ընկերութեան որոշ աշխատակիցներ, ստիպողաբար անդամակցելով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, աշխատանքէն ազատելու սպառնալիքով պարտադրուած, 2012 թուականին Մայիս 6-ին կայացած ՀՀ Ազգային ժողովի 5-րդ գումարման եւ 2017 թուականին Ապրիլ 2-ին կայացած 6-րդ գումարման ընտրութիւններուն ձայներ ապահոված են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան համար՝ վերջինիս տրամադրելով կուսակցութեան օգտին իրենց յորդորով կողմ քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած անձերու մասին տուեալներ: Բացի այդ՝ նոյն ժամանակամիջոցին «Արարատցեմենտ» ՓԲ ընկերութեան որոշ աշխատակիցներ Արարատի մարզի շարք մը բնակիչներուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին կողմ քուէարկելու համար տուած են կաշառք, առաջարկած եւ տրամադրած այլ առաւելութիւններ:

Գործը ուղարկուած է Գլխաւոր դատախազութիւն` քննչական ենթակայութեան հարցը լուծելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment