Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Խնձորեսկի մէջ Մասնակցած Է Սպարապետի Օրուան Նուիրուած Միջոցառումներուն

Վարչապետ Փաշինեան Խնձորեսկի մէջ Մասնակցած Է Սպարապետի Օրուան Նուիրուած Միջոցառումներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Սիւնիքի մարզ եւ Խնձորեսկ համայնքին մէջ մասնակցած է Սպարապետի օրուայ առթիւ կազմակերպուած տօնական միջոցառումներուն։ Վարչապետին ընկերակցած են Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը եւ Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեանը:

sbarabed or-1

Փաշինեան նախ այցելած է Մխիթար Սպարապետի գերեզման` ծաղիկներ զետեղած է Սպարապետի շիրիմին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոր յիշատակին։ Այնուհետեւ տեղի  ունեցած է առանձին զրահատանկային գումարտակի 15  ծառայողնեոու զինուորական երդման արարողութիւնը, ընթերցուած է Սպարապետի խօսքը եւ հնչած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգը։

«Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերի զինծառայողներ, շնորհաւորում եմ ձեզ զինուորական երդումն ընդունելու կապակցութեամբ», – ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է վարչապետը, ապա անհատապէս շնորհաւորած՝ զինուորներուն։

sbarabed or-2

Նիկոլ Փաշինեան քալած է Խնձորեսկի ճօճուող կամուրջով եւ դիտած՝ կամուրջի յարակից տարածքին Սպարապետի օրուայ առթիւ պատրաստուած երաժշտական ցուցադրական ելոյթները։

Վարչապետը այնուհետեւ այցելած է Խնձորեսկի համայնքապետարանի յարակից տարածք, ուր իրեն դիմաւորած են ջերմ ծափողջույններով։ Վարչապետը եւ բարձրաստիճան հիւրերը ծաղիկներ  դրած են Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակողթողներուն, ապա ներկայացուած  են ցուցադրական ելոյթներ: Վարչապետը զրուցած է բնակիչներու հետ եւ շնորհաւորած է անոնց՝ Սպարապետի օրուայ առթիւ։

sbarabed or-4

Կառավարութեան ղեկավարը Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեանի ուղեկցութեամբ այցելել է նաեւ Գորիս, ուր ծանօթացած է քաղաքի զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներու զարգացման, մասնաւորապէս Հին Գորիսի վերականգնման ընթացքին:

Վարչապետը շրջած է նաեւ Հին Գորիս պատմամշակութային կեդրոն` ծանօթանալով հոն  կտարուող վերականգնման աշխատանքներու ընթացքին: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկտած  է իրականացուող ծրագիրները, որոնք նոր ազդակ կը հաղորդեն Գորիսի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ու քաղաքի գրաւչութեան բարձրացման:

sbarabed or-3

sbarabed or-6

sbarabed or-7

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment