Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շաբթուայ Օրագիրը – Պայտընի 365 Միլիոն Տոլարը Եւ Ծառուկեանի Խոստացած Սովը

Շաբթուայ Օրագիրը – Պայտընի 365 Միլիոն Տոլարը Եւ Ծառուկեանի Խոստացած Սովը

by MassisPost

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

bidenԴեմոկրատ կուսակցութեան նախագահական թեկնածու ՃՕ ՊԱՅՏԸՆի ընտրարշաւը Օգոստոս ամսուայ ընթացքին հանգանակած է 365 միլիոն տոլար, որ կը նկատուի մրցանիշ՝ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ: Այս գումարը յատկանշական է, երբ նկատի ունենանք որ, Մարտ ամսուն, երբ Պայտըն ապահովեց Դեմոկրատներու թեկնածութիւնը, անոր ընտրարշաւը ամբողջութեամբ սնանկ էր:

Նախագահ ԹՐԱՄՓի ընտրարշաւը տակաւին չէ յայտարարած Օգոստոսի հանգանակութեան գումարը, որ օրէնքով պարտաւոր են ընել բոլոր թեկնածուները:
*
tzarukyanԲարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ յայտարարեց, որ կը պատրաստուի հսկայ ցոյց կազմակերպելու: Կ՛ըսուի որ Ծառուկեան այս հանրահաւաքը պիտի կազմակերպէ իր ուժերով, առանց հրաւիրելու ՀՅԴ-ին եւ ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն ԱՐԹԻՒՐ ՎԱՆԵՑԵԱՆի հիմնած «Հայրենիք» կուսակցութեան, որոնց հետ ատենէ մը ի վեր համագործակցութիւն ստեղծած էր:

Անցեալ Յունիսին Ծառուկեան յայտարարած էր որ, երեք ամիս ետք Հայաստանի մէջ սով պիտի պատահի, սակայն իր այդ յոյսերը չիրականացան եւ այժմ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ պատմութեան դասագիրքերու փոփոխութեան դէմ:
*
erdoganԹուրքիոյ նախագահ ՌԵՃԵՊ ԹԱՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ կը շարունակէ Յունաստանի հետ լարուածութիւն ստեղծել Միջերկրական ծովին մէջ: Ֆրանսայի նախագահ ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆի առաջնորդութեամբ Եւրոպական երկիրները համախմբուած են պատասխանելու համար թրքական սպառնալիքներուն: Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարները կը յայտարարեն որ, Թուրքիա կ՛ուզէ վերականգնել իր նախկին կայսրութիւնը, սակայն իրենք վճռած են ուժի միջոցաւ կասեցնել այդ ծրագիրները, նախ օգտագործելով Թուրքիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցները:
*
yervant khutkaryanՀայաստանի Սահմանադրական Դատարանի անդամութեան թեկնածու ԵՐՈՒԱՆԴ ԽՈՒՆԴԿԱՐԵԱՆի անուան շուրջ պատգամաւորներու մօտ կան վերապահութիւններ: Ազգային Ժողովը կը պատրաստուի քննարկելու ՍԴ-ի երեք թափուր տեղերուն համար դատաւորներու ժողովին կողմէ առաջադրուած Խունդկարեանի թեկնածութիւնը, սակայն մամուլի մէջ լոյս կը տեսնեն անոր անցեալի գործունէութեան մասին մտահոգիչ տեղեկութիւններ:

Բարձր պաշտօնին ձգտող դատաւոր Խունդկարեանը Թեղուտի հանքավայրի հարցով, «Ա1+» հեռատեսիլի փակման եւ մի քանի սփիւռքահայ գործարարներու նկատմամբ կայացուցած է նախկին իշխանութիւններու պատուէրով վճիռներ:
*
5th channelԸնդդիմադիր 5-րդ ալիքի սեփականատէր ներկայացող ԱՐՄԷՆ ԹԱՒԱԴԵԱՆ ահազանգ կը հնչեցնէ, որ իշխանութիւնները կը պատրաստուին փակելու իր ղեկավարած հեռատեսիլի կայանը, երբ 2021-ի Յունուարին տեղի ունենան հեռատեսիլի ալիքներու արտօնագիրները վերանորոգելու մրցոյթները: կ՛արժէ յիշել որ, 5-րդ ալիքի իսկական տէրը ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆն է, որու օրով փակուեցան «Ա1+» եւ «Նոյան Տապան» անկախ հեռատեսիլի ալիքները:

Թաւադեանի նմաններուն կ՛սուի՝ «գող, սիրտը դող»:
*
khashoggiՍէուտցի լրագրող ՃԱՄԱԼ ԽԱՇԱՔՃԻի սպանութեան հարցով, Սէուտական Արաբիոյ դատարանը արձակեց իր վերջնական որոշումը: Ութը ամբաստանեալներէն հինգը դատապարտուեցան 20 տարուայ բանտարկութեան, երկուքը՝ 10 տարուայ, իսկ մէկ ամբաստանեալ 2 տարուայ բանտարկութեան:

Սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Խաշաքճիի սպաննուած էր Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանէն ներս: Սակայն, սպանութեան պատուիրատուները մնացին չբացայայտուած:
*
trumpՆախագահ ՏԱՆՈԼՏ ԹՐԱՄՓ կը շարունակէ դժգոհիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին փոստով քուէարկելու կարելիութիւնը ընդլայնելու առթիւ: Համաճարակի պատճառաւ Ամերիկայի շատ մը նահանգներ սկսած են քաջալերել իրենց քաղաքացիները, որպէսզի դիմեն փոստով քուէարկելու եղանակին ու այս նպատակով քուէաթերթիկներ կ՛ուղարկուին ընտրողներու բնակարանները:

Թրամփի կարծիքով, փոստով քուէարկութիւնը առիթ կու տայ զեղծարարութեան, հակառակ որ տուեալներ չկան, որ այդ պնդումները կը համապատասխանեն իրականութեան:

Թրամփ Ամերիկայի առաջին նախագահ է որ բացէ ի բաց կը յայտարարէ որ, եթէ ինք չյաղթէ, ուրեմն ընտրութիւնները կեղծուած են: Այսպիսով, Թրամփի օրով կը շարունակուի Ամերիկայի վարկաբեկումը՝ յաչս աշխարհին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment