Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մաքրոն․ «Էրտողանի Կառավարութեան Գործողութիւնները Մեծ Պետութեան Յարիր Չեն»

Մաքրոն․ «Էրտողանի Կառավարութեան Գործողութիւնները Մեծ Պետութեան Յարիր Չեն»

by MassisPost

Ֆրանսական Քորսիքա կղզիին մէջ Սեպտեմբեր 10-ին սկիզբ առաւ Միջերկրական ծովու աւազանի եւրոպական եօթ պետութիւններու՝ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Փորթուգալի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Մալթայի ղեկավարներու գագաթնաժողովը։

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմաննուէլ Մաքրոնի խօսքով՝ օրակարգային գլխաւոր թեման Միջերկրական ծովու ուժանիւթով հարուստ արեւելեան հատուածին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններու զսպման հարցն է։

«Թուրքիան Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիէն ներս հորատման գործողութիւններ կը կատարէ, ինչ որ անընդունելի է։ Գործ ունինք իրար յաջորդող սադրանքներու հետ, ինչ որ յարիր չէ (Թուրքիոյ նման) մեծ պետութեան։ Երբ մենք կը խօսինք Միջերկրական ծովի մէջ խաղաղութեան հաստատման մասին, պէտք է կարողանանք Թուրքիոյ հետ համակեցութեան որոշակի  ձեւ գտնել։ Անոր հետ մէկտեղ, մենք՝ եւրոպացիներս, նախագահ Էրտողանի կառավարութեան հետ յարաբերութեանց մէջ պէտք է յստակ եւ վճռական պահելաձեւ որդեգրենք։ Այդ, սակայն, կը վերաբերի կառավարութեան, բայց ոչ թրքական պետութեան կամ ժողովուրդին», – յայտարարած է Մաքրոն՝ նշելով, որ Ֆրանսան Անգարայի հետ յարաբերութիւններու լարումը աւելցնելու նպատակ չունի։

«Մենք կը ցանկանք խուսափիլ իրադրութեան հետագայ լարումէն։ Այդ, սակայն, չի նշանակեր, որ մենք կրաւորական կամ հանդուրժող դիրք պիտի գրաւենք», – նշած է Մաքրոն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment