Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 70 Հազար Տոլար Փոխանցած Է Սուրիոյ Հայերուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 70 Հազար Տոլար Փոխանցած Է Սուրիոյ Հայերուն

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեան Սեպտեմբեր 9-ին շուրջ 70 հազար տոլար յանձնած է Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայերուն՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած ծանր առողջապահական եւ ընկերային տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով։

Հիմնադրամի հաղորդագրութեան համաձայն՝ նուիրաբերուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է․ 30 հազար տոլար՝ Սիրիոյ հայկական կրթական հաստատութիւններու թիւով՝ 502 ուսուցիչի, ինչպէս նաեւ 42 սպասարկող անձնակազմին:

«Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր 40 հազար տոլարի օժանդակութիւն է տրամադրուել «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ Սիրիայում հիւանդանոցային բուժում ստացող մեր հայրենակիցներին», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հանգանակուած գումարները յատկացուած են «Covid-19 Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք արշաւէն գոյացած ֆոնտէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment