Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 108-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 108-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 108-ով՝ հասնելով 44 953-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Սեպտեմբեր 8-ի ժամը 11-ի սահմաններուն կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 471-ով եւ հասած 40952-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1864 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 221041-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 903-ի, եւս 276 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 3182 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment