Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան կը Շարունակէ Յարձակողական Հռետորաբանութիւնը

Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան կը Շարունակէ Յարձակողական Հռետորաբանութիւնը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան հարեւան երկիրներու հետ, մասնաւորապէս՝ Միջերկրականի արեւելքի մէջ Յունաստանի հետ աճող լարուածութեան ֆոնին կը շարունակէ հանդէս գալ յարձակողական հռետորաբանութեամբ։

Սեպտեմբեր 7-ին կայացած Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն յետոյ Էրտողան ըսած է, թէ Թուրքիոյ դէմ ելլող երկիրները բանակցային սեղանի շուրջ նստելու փոխարէն կ’օգտագործեն իրենց խարխլուած ռազմական ուժերը, ստուգելու Անգարայի դիւանագիտական ջանքերու ու ռազմական գործողութիւններու ունակութիւնը։

Էրտողանի խօսքերը յաջորդեցին Յունաստանի յայտարարութեան։ Աթէնքը յայտնած է զէնք գնելու, իր զինուած ուժերը հզօրացնելու եւ ռազմական արդիւնաբերութիւնը արդիականացնելու ծրագիրներու մասին։

ՆԱԹՕ-ի անդամներ՝ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը աճած է, երբ Թուրքիան Միջերկրականի ուժանիւթի պաշարներով հարուստ արեւելեան շրջանին մէջ մէկ ամիս առաջ սկսած է ընդերքի ուսումնասիրութիւններ կատարել, չնայած որ ծովային այդ շրջանը վիճայարոյց տարածք է Յունաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment