Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմաւիր Գիւղի Քոնեակի Գործարանի Պայթումի Հետեւանքով 2 Մարդ Զոհուած Է, 4-ը՝ Վիրաւորուած

Արմաւիր Գիւղի Քոնեակի Գործարանի Պայթումի Հետեւանքով 2 Մարդ Զոհուած Է, 4-ը՝ Վիրաւորուած

by MassisPost

Արմաւիր գիւղի «Պռոշեան քոնեակի գործարանի» մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով, նախնական տուեալներով, կայ առնուազն 2 զոհ, եւս 4 մարդ տարբեր աստիճանի այրուածքներով հիւանդանոց փոխադրուած  է:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) հաղորդագրութեան համաձայն՝ հրդեհի մասին ահազանգը Մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը ստացած է ժամը 12:08, դէպքի վայր հասած են ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան Արմաւիրի մարզային փրկարարական վարչութեան օփերատիւ խումբը եւ հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ:

Պարզուած է, որ տեղի ունեցած է պայթիւն: Վնասուած են մէկ ապակեայ տակառ (30 թոն), մէկ  ելեկտրական ինքնաշարժ  եւ 30 գծամեթր տախտակամած:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 12։44-ին եւ մարուած՝ 13:12-ին:

«Կայ 2 զոհ եւ 4 տուժած, վերջիններս տեղափոխուել են «Արմաւիրի» Բժշկական Կեդրոն, որտեղ բժիշկները նրանց առողջական վիճակը գնահատել են միջին ծանրութեան», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, կը հաղորդէ. – «Հրդեհի հետեւանքով նախնական տուեալներով` կայ առնուազն 2 զոհ: Տարբեր աստիճանի այրուածքներով 4 քաղաքացի տեղափոխուած է Արմաւիրի բժշկական կեդրոն` վերակենդանացման բաժանմունք: Այս պահին իրականացուում են հակաշոքային առաջին օգնութեան միջոցառումներ: Հիւանդներուն վիճակը կայունացնելուց յետոյ վերջիններս կը տեղափոխուին Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment