Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Տինքը Սպաննող Թուրք Ազգայնականի Բանտարկութիւնը 4 Տարի Երկարաձգուեցաւ

Տինքը Սպաննող Թուրք Ազգայնականի Բանտարկութիւնը 4 Տարի Երկարաձգուեցաւ

by MassisPost

Ամիսներ առաջ մամուլով տարածուած տեղեկութեան համաձայն, 2007 թուականի Յունուար 19-ին պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր խմբագրապետ՝ Հրանդ Տինքը սպաննող թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթ մօտ օրերուն պէտք էր դուրս ելլէր բանտէն: «Ակօս»-ի փոխանցումով՝ Սամասթը եւս 4 տարի կը մնայ բանտ կալանավայրի պահակներուն վրայ յարձակելու, անոնց սպառնալու եւ վիրաւորելու համար:

Տինքը սպանելու համար 13 տարի 5 ամիս ազատազրկման դատապարտուած Սամասթի պատժաժամկէտի աւարտին աւելի քան մէկ տարի մնացած էր, սակայն ան կրնար պայմանական վաղաժամկէտով ազատ արձակուիլ արդէն այս ամիս: Չնայած անոր պատժաժամկէտը հնարաւոր էր, որ երկարաձգուեր, Տինքի գործով անցեալ տարի անոր առաջադրուած մէկ այլ՝ «յանցաւոր խմբաւորման անդամակցելու» մեղադրանքով:

Այս մասով դատարանը դեռ որոշում չէ կայացուցած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment