Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Գագաթնակէտը Յաղթահարած Ենք

«Քորոնա» Ժահրի Գագաթնակէտը Յաղթահարած Ենք

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի իրավիճակը Հայաստանի մէջ կը շարունակուի մնալ կայուն, դէպքերը սկսած են նուազիլ, եւ իրավիճակը լիովին վերահսկելի է, ըսած է Առողջապահութեան  նախարարի խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան: Ըստ Նիկողոսեանին` կարելի է ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի գագաթնակէտը յաղթահարած ենք։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, կատարուած  մօտ 1700 հետազօտութենէպ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի նոր 131 դէպք, դրական եղած է հետազօտութիւններու 7.7 տոկոսը, ասիկա վերջին ամիսներուն ամենացած ցուցանիշներէն է։ Բուժուած է 251 մարդ։ Գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 դէպք։ Մահացածներէն մէկը 58 տարեկան կին է, միւս 2-ը՝ 63 եւ 79 տարեկան տղամարդիկ: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը 861 է, եւս 264 վարակակիր մահացած է այլ պատճառներով, ընդհանուր` 1125 մարդ։

Այս պահուն, ըստ առողջապահութեան նախարարի խօսնակին` COVID-19-էն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 5 216 մարդ, որմէ 3700-ը տունը կը գտնուի, մնացած մասը կը բուժուի բժշկական կեդրոններուն մէջ։ Ալինա Նիկողոսեանի փոխանցումով` նուազած է նաեւ ծայրայեղ ծանր եւ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու թիւը, այս պահուն ան մօտ 200 է, 198-ը ծանր են, ծայրայեղ ծանր՝ 46 -ը։ Թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերուն միացուած է 20 հիւանդ։

«Այս փուլում կարելի է ասել, որ իրավիճակը կայուն է, եւ մենք կարողանում ենք վերահսկել իրավիճակը, եւ այդ իմաստով կարող ենք ասել, որ գագաթնակէտը յաղթահարել ենք, այսինքն` մենք այլեւս չենք գտնուում այն վիճակում, ինչ Դուք էլ վստահաբար յիշում էք` թէ՛ դէպքերի աճը, թէ՛ հիւանդների, բայց ուզում եմ նաեւ ձեր միջոցով տեղ հասցնել, որ զգօնութիւնը պէտք է պահպանել` հաշուի առնելով, որ առաջիկայում թէ՛ դպրոցները, թէ՛ բուհերը բացուելու են, եւ այս վիճակը` կարգ ու կանոն պահելու չմոռանանք, յիշենք, որ մենք դեռեւս երկար ճանապարհ ունենք, որպէսզի ընդհանրապէս ունենանք զրոյական կամ աւելի չնչին դէպքեր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment