Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արսէն Թորոսեան Քաղաքական Շահարկում կը Համարէ իր Հրաժարականի Մասին Լուրերը

Արսէն Թորոսեան Քաղաքական Շահարկում կը Համարէ իր Հրաժարականի Մասին Լուրերը

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան նշած է, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ շատ վաղուց  հանդիպած է եւ իր հրաժարականի մասին խօսակցութիւն տեղի չէ ունեցած:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, պատասխանեց «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողի հարցին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է Թորոսեանի հրաժարականի հետ կապուած խօսակցութիւնները, կա՞ն, արդեօք հիմքեր, նման խօսակցութիւններ ունեցա՞ծ է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ:

«Վարչապետի հետ նոյնիսկ չեմ յիշում վերջին անգամ երբ եմ հանդիպել, այնքան վաղ է եղել, հետեւաբար, նման խօսակցութիւն չեմ ունեցել: Նման հրապարակումներ կան արդէն երկու տարի, հետեւաբար, իմաստ չեմ գտնում պատճառներ փնտռել, թէ ինչու: Միգուցէ ոմանց դրդմամբ, միգուցէ ընդհանուր քաղաքական շահարկումների՝ ոչ միայն իմ անձով պայմանաւորուած, բայց պատաասխանները արդէն տրուել են»,- ըսաւ Թորոսեան:

Այն հարցին, թէ ինչ որ կոշտ խօսակցութիւն ունեցա՞ծ է ՀՀ վարչապետի հետ եւ, ընդհանրապէս, «Քորոնա» ժահրի վարակի ծիրէն ներս իր աշխատանքը ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՀ վարչապետը, Թորոսեան պատասխանեց, որ աշխատանքի գնահատականը տեղի կ’ունենայ սկսեալ հրապարակային նիստերէն, մինչեւ առանձնազրոյցները, սակայն չի յիշեր թէ վերջին շրջանին, երբ հանդիպած է վարչապետին հետ:

«Ասել եմ ու էլի եմ ասելու, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը Առողջապահութեան նախարարութեան գործը չի միայն, այլ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան: Բոլոր գերատեսչութիւնները իրենց մասով արել են իրենց աշխատանքները եւ շարունակում են անել»,-ըսաւ Թորոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment