Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի 6 Նոր Դէպք Հաստատուած Է, Ընդհանուր Թիւը Հասաւ 261-ի, Կը Բուժուին 11-ը

Արցախի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի 6 Նոր Դէպք Հաստատուած Է, Ընդհանուր Թիւը Հասաւ 261-ի, Կը Բուժուին 11-ը

by MassisPost

Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է եւս 6 քաղաքացիի մօտ: Վարակակիրները Ստեփանակերտ քաղաքէն են, նախորդ օր հաստատուած օճախի հաղորդակիցները, կը հաղորդէ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը:

«81-ամեայ տղամարդ է մահացել, ում մօտ աւելի վաղ հաստատուել էր «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Առայսօր Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հիւանդութիւնը հաստատուած է 261 մարդու մօտ, որմէ 248-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 11 եւ ընդհանուր մեկուսացուած է 29 քաղաքացի: Բժիշկները 1 հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատեն ծանր, եւ 3-ինը՝ միջին ծանրութեան:

Հետազօտութեան նպատակով 166 նմուշառում կատարուած է: Մինչ օրս կատարուած է 8373 փորձանմուշի հետազօտութիւն:

Նշենք, որ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակակիրի՝ այլ հիւանդութեան պատճառով մահուան երկրորդ դէպքը գրանցուեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment