Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Human Rights Watch Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւնը Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Բռնաճնշումները

Human Rights Watch Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւնը Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Բռնաճնշումները

by MassisPost

Human Rights Watch իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանը՝ ընդդիմադիրները եւ աքթիւիսթները բռնաճնշումներու ենթարկելու համար, որոնք յաջորդած են Յուլիս 14-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած չարտօնուած ցոյցերուն։

Օգոստոս 19-ի տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ շատերը ձերբակալուած են «սարքուած մեղադրանքներով»՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով մտցուած սահմանափակումները խախտելէն մինչեւ յեղաշրջումի փորձ։

Յուլիսի կէսերուն, Հայաստանի հետ սահմանային բախման ժամանակ հազարաւոր մարդիկ դուրս ելած էին Պաքուի փողոցները, աջակցութիւն յայտնելու իրենց զինուած ուժերուն։ Խումբ մը ցուցարարներ ներխուժած էին խորհրդարանի շէնքը։

Իշխանութիւնները ցոյցերը գնահատած էին կառավարութիւնը տապալելու փորձ, զոր կազմակերպած էր ընդդիմութիւնը։ Ձերբակալուած էին տասնեակ ցուցարարներ, անոնց կարգին՝ «Ազգային ճակատ» ընդդիմադիր կուսակցութեան շուրջ երկու տասնեակ անդամեր։

«Ատրպէյճանի ձերբակալութիւններու վերջին ալիքը կը յաջորդէ լաւ փաստաթղթաւորուած ծրագիրով կատարուող քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալութիւններուն եւ դատական հետապնդումներուն եւ կը սպառնայ վերացնել երկրի ընդդիմադիր ամենահին կուսակցութիւններէն  մէկը։

Իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ վերջ տան բռնաճնշումներուն, ազատ արձակեն անարդարացի ձերբակալուածները եւ հետաքննեն իրաւապահ մարմիններու գործողութիւնենրը», – յայտարարած է Human Rights Watch-ի Եւրոպայի ու Կեդրոնական Ասիայի տարածաշրջանային փոխտնօրէն՝ Կիորկի Կոկիան։

Ատրպէյճանի վերջին ձերբակալութիւնները սկսած էին երկրի ղեկավար՝ Իլհամ Ալիեւի ելոյթէն ետք։ Ան ընդդիմութիւնը անուանած էր «դաւաճաններ, թշնամիներ եւ 5-րդ շարասիւն» եւ խոստացած էր լուծել անոնց հարցերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment